Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններուն ձախող փորձը երկրին մէջ յառաջացուց քաղաքական եւ սահմանադրական ճգնաժամ մը, որմէ դուրս գալու որպէս միջոց իշխող կառավարութիւնը խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ հրաւիրեց, որոնք պիտի կայանան Յուլիս 22ին։
Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը փորձեց իր երկրորդ դէմքը հանդիսացող Ապտալլա Կիւլը նախագահ դարձնելու ձախողած փորձով յառաջացած ճգնաժամէն դուրս գալ, ինչպէս նաեւ վերահաստատել, թէ ինք կը վայելէ երկրին մէջ մեծագոյն ժողովրդականութիւնը։ Արտահերթ այս ընտրութիւնները լաւագոյն առիթ հանդիսացան նաեւ ընդդիմութեան համար։ Խորհրդարանին մաս կազմող միակ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը ոսկեայ առիթ գտաւ մեծամասնութիւն ձեռք բերելու համար, իսկ նախորդ ընտրութիւններու արդիւնքով խորհրդարանէն դուրս մնացած քաղաքական ուժերը խորհրդարան վերադառնալու երազներ կը փայփայեն։
Մէկ խօսքով, Թուրքիոյ մէջ նախընտրական շրջան է։ Արդարութիւն եւ բարգաւաճումը կը պնդէ, թէ «կանգ առնել չկայ, ճամբան պիտի շարունակուի», Ժողովրդային կուսակցութիւնը կ՚ուզէ համոզել, թէ «Ժողովրդային կուսակցութեան ժամանակն է», Դեմոկրատ կուսակցութիւնը կը յուշէ, թէ «Դեմոկրատ կուսակցութիւնը կայ, ուրեմն ճարը կայ», Ազգային շարժում կուսացութիւնը կրկին կը ճօճէ Գորշ գայլին ականջները… եւայլն։ Նկատելին այն է, որ նախորդ ընտրութիւններու համեմատ՝ այս ընտրութիւններուն աճած է անկախ թեկնածուներու թիւը։
Բնականաբար Հայաստանի սահմանակից ու հայութեան ուղղակի առնչուած այս երկրի ընտրութիւնները կը հետաքրքրեն մեզ։ Բայց անոնք նաեւ կը հետաքրքրեն թրքահայ համայնքին դիտանկիւնէն, որ այս անգամ, նախորդ ընտրութիւններուն համեմատ, որոշ քաղաքական աշխուժութիւն կը դրսեւորէ։ Առաջին դրսեւորումը կատարուեցաւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի այն յայտարարութեամբ, ուր ան յայտնեց, թէ թրքահայութեան համար Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը նախընտրելի քաղաքական ուժ է միւս ուժերուն հետ համեմատելով։
Այս նոյն տեսակէտը հնչեց նաեւ պոլսահայ համայնքի այլ ծանօթ դէմքերուն կողմէ, որոնք իրենց անձնական տեսակէտը յայտնեցին «Հայրենիք»ին։ Ընտրութիւններուն կապուած հարցումին ի պատասխան, «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան «Հայրենիք»ին ըսաւ. «Ստոյգ է, որ այսօրուան իշխանութիւնը, AKP կուսակցութիւնը, վերջին տարիներուն, իսկապէս, ոչ մահմետական թրքահպատակները գոհ ձգեց իր գործունէութեամբ։ Եւ իմ անձնական կարծիքս այն է, որ մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս պիտի նախընտրէ ա՛յս կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկելը»։
«Ակօս» թերթի հայերէն էջերու պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Սերոբեան նոյն հարցին պատասխանեց ըսելով. «Անշուշտ այս գծով պարզապէս իմ անձնական կարծիքս է, որ պիտի տամ։ Ձեր նշած փոքրամասնութիւններու հարցերով հետաքրքրուած ոչ մէկ կուսակցութիւն գիտեմ։ Եթէ եղածներուն մէջ լաւը ուզենք նշել, կարելի է յիշել այսօրուան իշխանութիւնը՝ AKP կուսակցութիւնը, որ գոնէ Եւրոպական միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան այդ ճիգին մէջ, ստիպողաբար կամ Եւրոպայի պահանջներուն բերումով կարգ մը զիջումներ ըրաւ, յօգուտ փոքրամասնութիւններուն»։
«Ակօս» թերթի խմբագիրը կը բացատրէ նաեւ, թէ ինչու հայութիւնը այսօրուան իշխող կուսակցութիւնը չարեաց փոքրագոյնը կը նկատէ։ «Ձախակողմեան եմ ըսող Հալք կուսակցութիւնը, CHP-ն, իմ կարծիքով, ծայրայեղ աջակողմեան, նոյնիսկ կարելի ըսել ազգայնամոլ կուսակցութիւն մը դարձած է այսօր։ Ձախակողմեան կուսակցութիւն գրեթէ չկայ Թուրքիոյ մէջ. կայ, բայց քուէ չի ստանար Ազատութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը, որ խորհրդարան մտնելու ճշդուած նուազագոյն տոկոսը չի կրնար անցնիլ։ Աջակողմեան Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը՝ արդէն անոր դիրքը յայտնի է»։
Այսօրուան իշխող կուսակցութեան հանդէպ թրքահայութեան համեմատական դրական վերաբերմունքէն անդին՝ թրքահայութեան աջակցութիւնը կը վայելէ նաեւ անկախ թեկնածու Պասքըն Օրան, որ նաեւ «Ակօս» թերթի աշխատակիցներէն մէկն է։ Սարգիս Սերոբեան այս գծով ըսաւ. «Անկախ թեկնածուներուն մէջ մեզ հետաքրքրող միակը, կամ աւելի ճիշդ երկուքը, որոնք կան՝ մէկը Պասքըն Օրանն է, իսկ միւսն ալ Ազատութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պետն է։ Այս երկուքը Պոլսոյ երեք ընտրատարածքներէն երկուքին մէջ իրենց թեկնածութիւնը դրած են»։
Նոյն Պասքըն Օրանի մասին, «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր Ռոպեր Հատտէճեան ըսաւ. «Ան մասնաւորաբար ախոյեանն է կարգ մը աւելի նոր եւ յեղափոխական գաղափարներու, ինչպէս օրինակի համար գիտէք թէ Աթաթուրքը խօսք մը ունի «Երանի անոր, որ թուրք եմ կ՚ըսէ». հիմա հոսանք մը ստեղծուեցաւ, որ ըսաւ թէ այս մէկը քիչ մը սխալ է, պէտք է ըսել «երանի անոր որ ես թուրքիացի եմ կ՚ըսէ»։ Այս գաղափարին անդրադարձող եւ պաշտպանողներէն մէկն է Օրան, եւ որուն համար խեղճ մարդը շատ հալածանքի ենթարկուեցաւ»։
«Հայրենիք»ի վերոնշեալ զրուցակիցներուն եւ պոլսահայ համայնքի այլ անդամներուն յայտնած կարծիքներուն լոյսին տակ կարելի է ըսել, որ Յուլիս 22ին կայանալիք Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն թրքահայութեան ունեցած համեստ սպասելիքները կը սահմանափակուին ներկայ իշխող կուսակցութեան եւ Պասքըն Օրանի յաղթանակներով, որովհետեւ ներկայ պայմաններու բերումով՝ անոնց մէջ է, որ կը տեսնէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները աստիճանաբար վերականգնելու նուազագոյն երաշխիքը։
(*) «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի խմբագիր