ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ մէջ գործող, ոչ-եկամտաբեր «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը հասած է աննախընթաց նուաճումի մը, որ կը յատկանշուի անցեալ 34 տարիներուն Հայաստանին եւ Արցախին աւելի քան 1 միլիառ տոլար արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացուցած ըլլալով:
Ներկայիս «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը կարգադրութիւններ կ՛ընէ, որպէսզի կարենայ անյապաղ օգնութիւն հասցնել հայրենիքին` ուղղակիօրէն ի նպաստ Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած առաւել քան 100,000 գաղթականներուն:
Այս տարուան առաջին ինն ամիսներուն միայն, «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը 34 միլիոն տոլարի դեղորայք ուղարկած է Հայաստան եւ Արցախ (30 միլիոն տոլարի համարժէքը Հայաստանին, 4 միլիոն տոլարը` Արցախին):
«Հայաստան-Արցախ» հիմնադրամը իր բժշկական բոլոր առաքումները պէտք է նախօրօք ստանայ հաւանութիւնը Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան, որ կ՛ընտրէ իր ուզած դեղերը, կը ճշդէ դեղերուն քանակը եւ գործածութեան ընդունելի ժամկէտները, եւ ըստ այնմ ներածման արտօնութիւն կը շնորհէ:
1989էն ի վեր «Հայաստան-Արցախ» հիմնադրամը եւ զայն նախորդած «Միացեալ հայկական ֆոնտ»ը Հայաստանին եւ Արցախին հայթայթած են առաւել քան 1 միլիառ տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն` մեծ մասամբ դեղորայք, 158 բեռնատար թռիչքներով եւ 2566 ծովային արկղերով:
««Հայաստան-Արցախ» հիմնադրամին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուի բոլորովին անվճար կերպով միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան՝ աւեկցնելով. «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն: Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի բոլոր բժշկական կեդրոնները»:
Յաւելեալ տեղեկութեան համար կը խնդրուի դիմել «Հայաստան-Արցախ» հիմնադրամի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ` (818) 241-8900. ե-նամակի հասցէ` sassoun@pacbell.net:
(Հաղորդագրութիւնը՝ հիմնադրամէն)