Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 12 Նոյեմբերի երեկոյեան, «Պեվրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, կազմակերպութեան «Արդարութեան Ջատագով» մրցանակը պիտի շնորհուի Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեանին՝ տասնամեակներու ընթացքին անոր ցուցաբերած հայանպաստ գործունէութեան եւ յատկապէս Արցախին նեցուկ կանգնելու՝ անոր ջանքերուն համար։
Արցախի հայաթափումին լոյսին տակ քննարկուեցաւ Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը ջնջելու հաւանականութեան մասին, սակայն որոշուեցաւ տեղի չտալ հայութիւնը ընկճելու՝ Պաքուի եւ Անգարային շարունակական փորձերուն, եւ ձեռնարկը իրականացնել՝ յիշելով անցեալ տարուան ձեռնարկին մեծարուած, իսկ այժմ Պաքուի բանտերէն մէկուն մէջ ապօրինի կերպով բանտարկուած Արցախի այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի ոգեշնչող պատգամները։ Նաեւ որոշուեցաւ ձեռնարկին հասոյթէն մաս մը յատկացնել Արցախի ցեղասպանութենէն վերապրողներուն։
Այս տարուան Օգոստոսին, Գրիգորեանի առաջնորդած արշաւին շնորհիւ, կարելի եղաւ Լոս Անճելըսի մէջ, Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւի հրապարակը կոչել «Արցախի Հանրապետութեան Հրապարակ», յստակ պատգամ մը փոխանցելու համար այդ օրերուն Արցախը պաշարուած պահող Ատրպէյճանի բռնապետական իշխանութիւններուն, թէ Լոս Անճելըսը նեցուկ կը կանգնի պատմական Հայաստանի մէկ մասնիկը հանդիսացող Արցախին։
Գրիգորեան նաեւ տարբեր առիթներով դիմեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին՝ անոնցմէ պահանջելով, որ գործնական քայլերու դիմեն՝ վերջ տալու համար Արցախի ոճրային պաշարումին, անմիջական օգնութիւն տրամադրելու Արցախի ժողովուրդին եւ պաշտօնական ճանաչում շնորհելու Արցախի Հանրապետութեան։
Գրիգորեան 2022ին հանդիսացած էր առաջին ամերիկահայը, որ ընտրուած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահի հեղինակաւոր պաշտօնին։ Ան 2010էն ի վեր մաս կը կազմէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին, ներկայացնելով 2րդ ընտրատարածքը, իսկ նախապէս եղած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ։
Գրիգորեան կարեւոր դեր ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պատմական քայլարշաւի կազմակերպումին ընթացքին քաղաքէն յատկանշական աջակցութիւն ապահովելու գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս-Երեւան եւ Լոս Անճելըս-Շուշի քոյր քաղաքներ համաձայնութիւններու իրականացման մէջ, տարբեր առիթներով Հայաստան եւ Արցախ այցելելով։
2021ին ան արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւներէն մէկը հանդիսացող «Երախտագիտութեան շքանշան»ին՝ «Երկարամեայ հայանպաստ գործունէութեան, հայ-ամերիկեան բարեկամական կապերի ամրապնդման եւ զարգացման գործում ներդրած նշանակալի աւանդի համար», իսկ այս տարի՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին՝ շնորհուած Բ. կաթողիկոսին կողմէ:
Յայտնենք, թէ Գրիգորեան քաղաքական գիտութեցան Պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, իսկ իրաւաբանի վկայականը՝ նոյն համալսարանին Պըրքլիի մասնաճիւղէն։
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հպարտ է, որ իր կողքին ունի համայնքի հայութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հայութեան իրաւունքները ջատագովող Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեանը, որ հանդիսացած էր այդ մարմինին առաջին հայ անդամը եւ այդ պաշտօնին միջոցով նպաստած էր համայնքին եւ հայութեան», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Այս պատիւին համար, Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ աւելցնելով, որ ժողովուրդին ծառայելը ինքնին պատիւ եւ պարտականութիւն կը համարէ, «սակայն երախտապարտ եմ, որ ծառայութիւնս պիտի մեծարուի»։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկի տոմսերը ապահովելու համար այցելել կայքէջը։