Ըստ ատրպէյճանական լրատուական գործակալութիւններու՝ Պաքուի մէջ տիեզերագնացութեան 74րդ միջազգային համաժողովին (2էն 6 Հոկտեմբեր) կը մասնակցին տիեզերական գործակալութիւններու, ներդրողներու եւ տիեզերական սեփական ընկերութիւններու, տեղւոյն եւ միջազգային լրատուամիջոցներու, ինչպէս նաեւ առաւել քան 33 երկիրներէ 5000 ներկայացուցիչներ: Համաժողովի ցուցանմուշներու տաղաւարին մէջ ներկայացուած են առաւել քան 140 ընկերութիւններ:
Ցուցադրութեան մասնակցող ընկերութիւններէն եւ գործակալութիւններէն նշենք՝ Ամերիկայի NASA-ն, Ճափոնի տիեզերական գործակալութիւնը (JAXA), Իտալիոյ տիեզերական գործակալութիւնը (Agenzia Speziale Italiana), եւրոպական AIRBUS ընկերութիւնը, Ino գանատական նորարարական կեդրոնը, Ֆրանսայի CNES տիեզերական հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնը, Հնդկաստանի ISRO տիեզերական գործակալութիւնը, թրքական Turkiye Uzay Ajans-ը, ռուսական «Ռոսկոսմոս»ը:
2 Հոկտեմբերին, համաժողովի բացումին ելոյթ ունենալով՝ Պաքուի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութիւնը վերականգնուած ըլլալով» Հարաւային Կովկասը կրնայ թեւակոխել խաղաղութեան դարաշրջանը:
«Մեր հողային ամբողջականութեան վերականգնման փորձառութիւնը շատ իւրայատուկ եւ անկրկնելի երեւոյթ մըն էր: Մենք վերջ դրինք հակամարտութեան: Առ այդ, մենք պահպանեցինք մեր արժանապատուութիւնը եւ վերականգնեցինք միջազգային իրաւունքը», պնդեց ցեղային մաքրագործումի նորագոյն օրինակը իրագործած մենատէրը:
«Այսօր Հարաւային Կովկասի մէջ մենք կրնանք թեւակոխել խաղաղութեան դարաշրջանը: Ասիկա մեր կարծիքն է: Համագործակցութիւն, փոխշահաւէտ ծրագիրներ, փոխադարձ օգուտներ՝ մենք այսօր կը ցուցադրենք այդ բոլորը», եզրակացուց Ալիեւ: