Հայաստան Ատրպէյճանի ցեղային խտրականութեան գործով հայց ներկայացուց Արդարադատութեան միջազգային դատարանին` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով, պահանջելով միջանկեալ միջոցներ կիրառել:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կայքը:
Դատարանի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Երեւան ՄԱԿի դատարանին կոչ կ՛ուղղէ՝ հաստատելու Ատրպէյճանի յանձնառութիւնը` հրաժարելու «որեւէ գործողութենէ, որ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ուղղուած է մնացած հայերը Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանելուն»: