«Փոլիթիքօ»ն կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի 96 հանրապետական եւ դեմոկրատ անդամներ 26 Սեպտեմբեր թուակիր նամակով դիմեցին արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններուն՝ պահանջելով պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի կառավարութեան դէմ՝ Արցախի մէջ անոր պատճառած մարդասիրական աղէտին համար:
«Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ռազմական յարձակումները եւ անոր դաժան շրջափակումը կը ներկայացնեն մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտում եւ բռնարարքներու իրագործում, որոնք ուղղակի կը խախտեն ամերիկեան արժէքները եւ վնաս կը հասնցեն ամերիկեան շահերուն: Մարդկային իրաւունքներու այս խախտումներուն հեղինակները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին Միացեալ Նահանգներու կողմէ», կը նշուի նամակին մէջ, ուր նաեւ մանրամասնութիւններ կը տրուին Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր Արցախի պաշարումին եւ Ատրպէյճանի շարունակական յարձակումներուն մասին։
Նամակին մէջ կը շեշտուի, թէ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին լոյսին տակ, յոյժ կենսական է մարդասիրական հրատապ օգնութիւն տրամադրելը։