26 Սեպտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիմքեթ Հաճիեւի հանդիպումը, որուն աւարտին Եւրոպական Միութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման առումով, բոլոր ուղղութիւններով անհրաժեշտ են յստակ գործողութիւններ եւ վճռական փոխզիջումներու քայլեր։
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի բարձր հովանիին տակ այդ հանդիպումը հիւրընկալեցին անոր դիւանագիտական խորհրդականները՝ Սայմըն Մորտիու եւ Մակտալենա Կրոնօ, իսկ անոր մասնակցեցան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի դիւանագիտական խորհրդականները, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։ Միշէլ հանդիպումին միացաւ կարճ ժամանակով մը։
Լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն, որ միութիւնը ուշադիր կը հետեւի բոլոր զարգացումներուն եւ ներգրաւուած է բարձրագոյն մակարդակով` օգնելու մեղմացնել ռազմական գործողութիւններուն ազդեցութիւնը խաղաղ բնակչութեան վրայ։
«Արմէն Գրիգորեան եւ Հիքմեթ Հաճիեւ բանակցութիւններ վարեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի պարունակին մէջ ձեռնարկուելիք կարելի յստակ քայլերու, որոնց կարգին՝ սահմաններու սահմանագծման, ապահովութեան, մարդասիրական հարցերու, ինչպէս նաեւ աւելի լայն հարցի` խաղաղութեան համաձայնագիրի մը վերաբերեալ: Հանդիպումը կարելիութիւն տուաւ աշխոյժ կերպով միտքեր փոխանակել 5 Հոկտեմբերին, Կրանատայի մէջ հաւանական Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման հրատապութեան վերաբերեալ: Եւրոպական Միութիւնը վստահ է, որ այս հանդիպումը պէտք է օգտագործուի թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի կողմէ` միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը յարգելու յանձնառութիւնը վերահաստատելու համար` նախապէս Փրակի եւ Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ», կ՛ըսուի Եւրոպական խորհուրդի հաղորդագրութեան մէջ։
Տարածուած փաստաթուղթին մէջ միութիւնը նաեւ կ՛ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թափանցիկութեան, ինչպէս նաեւ «մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կառոյցներու հասանելիութեան անհրաժեշտութիւնը»: