ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

«Ճանաչել Զիմաստութիւն եւ Զխրատ, Իմանալ Զբանս Հանճարոյ»…
Ե՞րբ, Ե՞րբ եւ Ե՞րբ…
Յարատեւ խօսի՛լ եւ միայն խօսի՛լ եւ խօսքի սահմաններէն երբե՛ք դուրս չգա՛լ… Մինչե՜ւ ե՞րբ:
Խօսքը գործի վերածելու վա՞խ թէ տկարութի՞ւն… թէ՞ անկարողութիւն:
Մտածե՛նք…Մինչեւ ե՞րբ, եւ ե՞րբ դուրս գալ այս «խեղճ»ութենէն:
Դարաւոր ժողովուրդ, հին ազգ, հին պատմութիւն անթիւ ու անհամար փորձութիւններ (սակայն առանց փորձառութիւններ ձեռք ձգելո՞ւ)… անհաշիւ կորուստներ եւ ապա տառապանքներ, մաքառումներ, ցաւեր եւ յետո՞յ ի՞նչ եւ ինչո՞ւ:
Իմաստութիւն եւ խոհեմութիւն ձեռք կը բերեն՝ փորձութիւններէ եւ փորձառութիւններէ ետք վերատեսութեան ենթարկելով եւ սերտելով անցեալի ձախողութիւններն ու ոտնձգութիւնները, կորսնցնելով եւ վերագտնելով եւ յուսախաբութիւններէ ետք․․․
Է՜հ, ապրեցանք ու տեսանք, շատ բան կորսնցուցինք սակայն երբե՛ք եւ երբե՛ք ԴԱՍ ՉԿՐՑԱՆՔ ԱՌՆԵԼ մեր պատմութեան տկար եւ կամ ձախող էջերէն…
Է՜հ, «Խօսքի վարպետ, գործի հիւանդ» կ՛ըսէին մեր մեծերը… հաւատացի՛նք այսօր:
Մօտիկ անցեալէն եւ մինչեւ այսօր, մեր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ ծրագրուած եւ դաւադրաբար խարսխուած ՄԵԾ ՎՏԱՆԳին դէմ յանդիման ըլլալով հանդերձ եւ հակառակ դաժան պայմաններու արհաւիրքին՝ ի՞նչ ըրինք բացի Խ-Օ-Ս-Ե-Լ-Է-Ն…Մ-Ե-Ղ-Ա-Դ-Ր-Ե-Լ-Է-Ն … Ք-Ա-Ր-Կ-Ո-Ծ-Ե-Լ-Է-Ն անդին: Եկէ՛ք քրիստոնէական մեր հաւատքով յիշե՛նք. «Ձեզմէ ո՛վ որ անմեղ է, թող ան նետէ առաջին քարը»…
Ի դէպ, մեր պատմութիւնը սերտելով եւ վերլուծելով, յաճախ կը մեղադրենք ժամանակի մեր տկար եւ անհեռատես իշխաններն ու թագաւորները, առաջնորդներն ու ղեկավարները եւ մինչեւ իսկ, Ցեղասպանութեան շրջանին մեր անտէր մնացած՝ խե՜ղճ ժողովուրդը, որ Տէր Զօրի անապատներով կիզուած, սովամահ եղան եւ կամ իրենց իսկ ձեռքերով երբեմն ստիպուած խեղդեցին կեանքը իրենց սրտահատորներուն, որպէսզի թուրքի եաթաղանէն եւ կամ չարիքէն փրկեն… մե՛նք, դաժանաբար մեղադրելով, յաճախ կը մտածէինք, թէ ինչո՞ւ անոնք վախկոտի նման զէնքերը վար դրին եւ յանձնուեցան… թող, որ խմբուէին եւ ուժ դառնալով դէմ դնէին թուրք ժանտարմին ու փրկէին իրենց ընտանիքներն ու փրկուէին…
Այսօր ներկայ դարու գիտութեամբ եւ հասկացողութեամբ, ո՞ւր է մեր ազգին ինքնավստահութիւնն ու միաբանութիւնը, ո՞ւր են մեր ազգի ժամանակակից եւ «գիտակից» ղեկավարները․․․ ո՞ւր են, որո՞նք են:
Ինչո՞ւ տկարացանք այսպէս, որպէսզի թշնամին զօրանալով կարենար մուտք գործել նաեւ մեր խտացած ազգային եւ քաղաքական շարքերուն մէջ, տկարացնելով մեր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ մեր ունեցած անսահման կապուածութիւնն ու պարտաւորութիւնները, երբ սկսանք մեր մէջ թշնամիներ փնտռել եւ անուանել, հանգիստ ձգելով արտաքին յոխորտացող արիւնարբու թշնամին…
«Վա՜յ քեզ ժողովուրդ, երբ զաւակներդ կը մանկանան»:
Ժամանակները վաղուց փոխուած են:
Արդարեւ, ներկայ ժամանակներով, շատ աւելի դիւրին էր, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ղեկավարի հմտութեամբ եւ իմացութեամբ կարենար շարժիլ եւ օրինակ դառնար շրջապատին առանց սպասելու «ինքնակոչ ղեկավարներու»ն, սակայն գիտակցաբար թոյնը տարածեցինք մեր միջեւ, մտածելով որ կը տիրապետենք եւ կը «բարձրանանք»…
Եւ …ահաւասի՛կ Գ-Ա-Հ-Ա-Վ-Ի-Ժ-Ե-Ց-Ա՛-Ն-Ք, մեզի հետ տապալելով նոր սերունդի մաքրամաքուր հայեացքները, տեսիլքներն ու երազները…:
Բա՛ւ է, մեղաւորներ չփնտռենք եւ թունաւոր մեղադրանքներ չարձակենք չորս դին…այլ իւրաքանչիւրս մենք մեզ մեղադրե՛նք եւ ինքնաճանաչման արժանապատուութեամբ ելքեր գտնենք այս համազգային աւերէն…:
Բա՛ւ է այսքան չարիք ու ցաւ մեր ազնուական ազգին, յիշելով Ա.Ահարոնեանի խօսքրեը․ «Այսքան չարիք, թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»:
Բա՛ւէ, այսքան ահազանգային ցնցումներ եւ օր ըստ օրէ արագացող գահավիժումներ՝ մեր ՍՈՒՐԲ սակայն եւ հիմա՝ մեր ԱՆՏԷՐ հայրենիքին եւ հայրենակիցներուս:
Այսօ՛ր կոչերու պահը չէ եւ կամ բաւարար չէ…
Այսօ՛ր, ազգային հաւատքով ու արժանապատուութեամբ գործելու պահն է:
Այսօ՛ր, մեղադրանքի պահը չէ՛: Այսօր միաձուլուելու պահն է:
Այսօ՛ր, մեր պատմութեան վերջին էջը փակուելու պահը չէ՛։ Երբե՛ք չէ ու ՊԷ՛ՏՔ չէ որ ըլլայ:
Մեր «գոռոզ» զէնքերը վար դնենք եւ բիւր ու զուլալ ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան ոգիով եւ նոր ու արդար ուխտերով միանանք եւ յառաջանանք…Դարմանենք մեր խոր վէրքը եւ նորոգ յոյսերով եւ ջանքերով դիմադրենք առկայ եւ տակաւ գալիք վտանգները, որպէսզի ամօթով շիկացած աչքերով չնայինք մեզ յաջորդող սերունդներու մեղադրանքով լի աչքերուն…
Պարտաւո՛ր ենք, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ գործելու եւ յառաջանալու, այլ ընտրանք չունի՛նք: Հայրենիքը մե՛րն է, ազգը մե՛րն է, հարցերն ու ցաւերը մե՛րն են, խաբկանքները մե՛րն են, կորուստները մե՛րն են, եւ մեզի ու միայն մեզի կը պատկանին.. առ այդ, լուծումները մեր՝ խոհեմ եւ իմաստուն, բացթողումներու ցաւոտ հետեւանքները մեր մեղքերն են եւ մեր յետագայ քայլերէն կախեալ են՝ միայն ու միայն Հայրենիքի ու ազգի ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ:
Հայ մեծ գրող Րաֆֆին, իր նշանաւոր «Կայծեր» պատմաքաղաքական վէպին մէջ, խօսքը ուղղելով գիւղացիներուն ըսած էր. «Ես չեմ մեղադրեր թշնամին, ան իր գործը կ՛ընէ, իսկ դո՛ւք Ի՞ՆՉ կ՛ընէք դուք ձեզ պաշտպանելու համար»: Ահաւասիկ այսօ՛ր, մենք ի՞նչ կ՛ընենք:
Եկէ՛ք միանանք ու զինուինք Րաֆֆիի հմուտ «ինքնապաշտպանութեան դաս»ով:
Օրհասական է պահը․
«Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժին մէջ է» (Ե.Չ.):.
«Ահա այն ատեն միայն քո թշնամին ծնկի գալով կը գոչէ՝ Յարգանք քեզ» (Ա. Ահարոնեան):
Վերջապէս՝
Փառքդ մե՜ծ է, իսկ մեր ցաւը խո՛րն է, ազգովին մեր «Քաւութեան նոխազ»՝
ՄԵՐ ՍՈ՜ՒՐԲ ԱՐՑԱԽ եւ ՄԵՐ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ: