

Ատրպէյճան Երեքշաբթի օր Արցախի վրայ սանձազերծեց լայնածաւալ յարձակում մը, որուն պատճառաւ, մէկ օրուան մէջ սպաննուեցան 200 արցախցիներ, եւ վիրաւորուեցան 400 ուրիշներ, որոնց կարգին՝ քաղաքայիններ եւ մանուկներ:
Կեանքերու հետագայ կորուստները կանխելու համար, Արցախի իշխանութիւնները համաձայնեցան զինադադարին՝ իրենց պարտադրուած Ատրպէյճանի բարբարոս վարչակարգին կողմէ՝ միջնորդուած ռուս խաղաղապահներուն կողմէ, որոնց՝ Արցախի ժողովուրդին խաղաղութիւն երաշխաւորելու վաստակը փայլուն չէ եղած:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի շղթայազերծած զինուորական յարձակումը Արցախի ուղղութեամբ, անոր խաղաղ ժողովուրդին նկատմամբ ի գործադրելով ցեղային զտում:
Ամիսներով Արցախը շրջափակելէ եւ Բերձորի (Լաչին) միջանցքը փակելէ եւ Արցախի ժողովուրդը սովի մատնելու ու գոյատեւման տարրական պահանջներէն զրկելու քայլերէն ետք, նոր պատերազմի մը շղթայազերծումը շատ աւելի ահաւոր վիճակ կը ստեղծէ Արցախի մեր ժողովուրդին համար, զէնքի ուժով խլելով անոր ինքնորոշման եւ ազատ ապրելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ վտանգելով Հայաստանի Հանրապետութեան ապահովութիւնը եւ անկախութիւնը:
Դժբախտաբար, Արցախ գտնուող ռուս խաղաղապահ ուժերու անգործութիւնը եւ շարունակական անտարբերութիւնը նպաստեցին, որ աւելի համարձակ ու անկաշկանդ դառնան ատրպէյճանցիներու ոտնձգութիւնները եւ յարձակողական քաղաքականութիւնը: Նաեւ Արեւմուտքի մեղմ գնահատականները կամ դատապարտող կոչերը որեւէ ձեւով պարտաւորեցնող չեղան, որպէսզի Ատրպէյճան ետ կենայ իր ռազմատենչ քաղաքականութենէն:
Կը պահանջենք, որ Ատրպէյճան եւ իր ղեկավարութիւնը միջազգային օրէնքին հիման վրայ հաշուետուութեան կանչուի եւ պատժուի:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ’ուղղէ հայրենաբնակ եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն՝ ըլլալու զգօն եւ ամէն միջոցներով նպաստելու տարբեր հարթակներու վրայ գործադրուող հայանպաստ քաղաքական եւ քարոզչական բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Այս ծիրին մէջ, հայրենիքին սպառնացող ճակատագրական այս օրերուն պէտք է առաջնային համարել մեր ժողովուրդի միասնութիւնը՝ բոլորին միասնական ուժերով դիմադրելու արտաքին թշնամին եւ ամէն գնով տէր կանգնելով հայրենի պետականութեան անվտանգութեան:
Բոլորս կը շարունակենք մեր բոլոր միջոցներով զօրակցիլ Արցախի եւ Հայաստանի մեր հայրենակիցներու ապահովութեան, սահմաններու եւ պետականութիւններու անվտանգութեան, եւ մշտական դարձնելու մեր հայրենիքի խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ, 2023