Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան մինչ այդ հաղորդեց, որ Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններու 16 համայնքներէն տարհանուած են առաւել քան 7000 անձեր:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ վերջին 24 ժամերուն ընթացքին, ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի առաւել վտանգաւոր շրջաններէն շուրջ 2000 խաղաղ բնակիչներ տարհանեցին. անոնց կէսէն աւելին՝ 1049ը, մանուկներ են: Անոնց մէկ մասը ապաստան գտաւ խաղաղապահներու տեղակայման վայրին մէջ, մնացեալին մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան:
Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ զոհեր արձանագրուեցան նաեւ ռուս խաղաղապահներուն մէջ:
Ըստ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին կողմէ հաւաքագրուած տուեալներուն՝ 20 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 9:30ի դրութեամբ՝ Արցախի մէջ կան առնուազն 200 զոհեր եւ առաւել քան 400 վիրաւորներ: Վիրաւորներուն մէջ կան աւելի քան 40 քաղաքայիններ, որոնցմէ 13ը՝ մանուկներ: Զոհերուն մէջ կան 10 խաղաղ բնակիչներ, որոնցմէ 5ը մանուկներ են:
«Մեր գրասենեակի կողմից անյայտ կորածների ճակատագիրը պարզելուն ուղղուած փաստահաւաք աշխատանքները շարունակւում են», կը տեղեկացնէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը: