ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Աշխարհի կեանքը, հին ու նոր ժողովուրդներու եւ երկիրներու գոյատեւման հետ կապուած, առեղծուած մըն է կարծէք..:
Մեր հայրենիքին ու ազգի գոյատեւումը նաեւ անմասն չի մնար այդ առեղծուածէն, սակայն մենք, որպէս քանակ՝ փոքր ազգ եւ որպէս որակ՝ պատմական եւ ազնուական տոհմերէ սեռած ՄԵԾ ազգ (մենք մեզ ճանչցած), ժամանակն է վերատեսութեան ենթարկել մեր պատմական իրադարձութիւններն ու հետեւանքները, ի նպաստ նոր ժամանակներու հաստատման եւ բարգաւաճման:
Մեր ժառանգած պատմութիւնն ու մշակոյթը շատ վաղուց հաստատուած եւ մասամբ ապրող արժէքներ եղած են, սակայն նոր ժամանակներու լեզուամտածողութեամբ եւ ակնկալիքներով ժամանակն է եւ առաւել եւս անհրաժեշտ է, որ ունենանք նոր տեսլականներ եւ գործնական ծրագիրներ, որոնք նոր գրաւչութիւն եւ մասնակցութեան դաշտ պիտի ապահովեն եւ ընդլայնեն, հրաւիրելու եւ գրաւելու նոր սերունդի անհատներու՝ գործնական եւ փայլուն տրամադրութիւններն ու նորարար աշխատելաձեւը:
Պարզաբանելով միտքս, նոր սերունդի ներկայացուցիչները գործի հրաւիրելու եւ մեր կեանքին ու ծրագիրներուն մէջ գրաւելու համար, քաղաքական թէ մշակութային, պատմական նոր էջերով, թէ գրականութեան նոր ծաւալներով, պէտք է հիմնել նորանոր գործնական հարթակներ եւ գործելաձեւեր, ուր անհրաժեշտ է ներկայացնել՝ նոր ժամանակներու հետ առընչուող նոր տեսլականներ եւ ծրագիրներ, եւ յատկապէս սփիւռքեան տարածքով, ժամանակակից, առցանց, տեսական եւ գործնական հայագիտական դասաւանդման միջոցներ եւ գործնական գրաւիչ նորութիւններ, որոնց մաս պիտի կազմեն Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ աշխարհով մէկ սփռուած հայ երիտասարդ մեր փայլուն փաղանգը:
Առ այդ, վերատեսութեան ենթարկենք մենք մեզ՝ ոչ միայն պատմաքաղաքական այլ նաեւ պատմամշակութային տուեալներով, որովհետեւ յաճախ սովոր ենք (ինչպէս մեր նախորդները) քննադատել նոր սերունդի ներկայացուցիչները, թէ անտարբեր են, օտարամոլ են, օտարացած են, անփոյթ են եւ կամ մակերեսային են, եւայլն:
Այժմ մենք, միջին սերունդս եւ կամ նախորդներս հրաւիրենք զանոնք, որպէսզի իրենց կարգին ուռճացնեն տուեալ ծրագիրներն ու գործնականացնեն իրենց մօտեցումներով, սակայն եւ յարատեւ քաջալերելով եւ ոչ թէ քննադատելով անոնց ձեւակերպումն ու աշխատանքը:
Մե՛նք, պէտք է նկատենք եւ հաւատանք, որ ունինք նաեւ փայլուն եւ ողջամիտ, ինչպէս նաեւ ազգասէր ու հայրենասէր նոր սերունդի անթիւ ու անհամար ներկայացուցիչներ, որոնք երբեմն մեզ ոչ միայն կը շշմեցնեն իրենց մօտեցումներով, այլ նաեւ հիացմունք պատճառելով, արցունք կը բերեն մեր աչքերուն… փաստը՝ վերջերս անոնց կազմակերպած լոզունգներով եւ յայտարարութիւններով բողոքի ցոյցի ելոյթներն էին՝ Արցախեան հիմնախնդրի պահանջատիրութեան համար։ Անկեղծ ըլլանք, հպարտ ենք մեր երիտասարդ սերունդով եւ առաւել հպարտանալու համար, մենք ըլլանք հիմնաքարն ու պատուանդանը՝ անոնց նորաձեւ սլացքին եւ յանձնառութեան:
Այսօ՛ր եւ ընդմի՛շտ,Սփիւռքի տարածքին գործող հայկական վարժարաններու սրբազան առաքելութիւնը պէտք է դառնայ ո՛չ միայն տեղական ուսումնակրթութեան մակարդակը բարձրացնել, այլ նաեւ, ազգային գիտակցութեան ուղին հարթել եւ մարզել զանոնք նպատակադրելու եւ գործուղելու հաստատ ճանապարհներով, վստահութեան բանալին փոխանցելով անոնց, երիտասարդական կարգախօսին։ Ահա այն ատեն է, որ միայն կրնանք վստահ ըլլալ, որ նոր ժամանակներու, նոր ազգային մակարդակներով կարելիութիւնը պիտի ունենանք համատարած, համազգային բարձր ունակութեամբ, ազգային նոր գիտակցութիւն ձեռք բերելու եւ այսպէս յաջորդաբար նորանոր յաղթանակներով:
Այսօր քաղաքական գետնի վրայ փոթորկոտ տրամադրութիւնները մեզ երբեմն յուսահատութեան գիրկը կը փորձեն նետել, սակայն մեր պատմական ազգը դարերով տոգորած եւ գոյատեւած է, բարձր մշակոյթով եւ աշխարհասփիւռ ներկայացուցիչներով՝ գիտութեան եւ արուեստի ներկայացուցիչներով եւ մասամբ նորին..: Արդ, պահն է վերատեսութեան ենթարկել մեր ուժերն ու կարելիութիւնները, զինելով եւ հարստացնելով մեր նոր սերունդներու աշխարհայեացքը հայկական արմատներով եւ հետաքրքրութիւններով։ Ուղղե՛նք եւ քաջալերե՛նք, գնահատե՛նք եւ հարստացնե՛նք, ապա հպարտացնե՛նք ու հպարտանա՛նք եւ գոհունակութեամբ դիմաւորենք անոնց ձեռքբերումները…:
Պատմութիւնը պատուանդան, իսկ նոր սերունդի տեսլականն ու նորարարութիւնները նորանոր պատուանդաններու հիմնաքար:
Հաւատա՛նք, որպէսզի ջահը վառ պահենք մեր գալիք ազգային գիտակցութեան պատկանելութեան ի խնդիր: