12 Սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 2:35ի շուրջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հրաձիգներով կրակ բացին Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Աւելի կանուխ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ, իբր թէ, 12 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին սահմանագօտիի հարաւ-արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, ապտեղեկատուութիւն մը՝ որ հերքուեցաւ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան կողմէ։