Հակարիի կամուրջէն առեւանգուած արցախցի երեք ուսանողները տասը օր Պաքուի մէջ պահելէ ետք, Ատրպէյճան 7 Սեպտեմբերին զանոնք ազատ արձակեց:
Ըստ Ատրպէյճանի իրաւապահներուն ձեւակերպումին՝ «զանոնք արտաքսեցինք Հայաստան»: Ատրպէյճանի դատախազութեան ներկայացուցիչ Նեմաթ Զամանով ընկերային ցանցերու վրայ գրած է, որ՝ «այս բոլորը վկայութիւն են Ատրպէյճանի մարդասիրութեան մասին»: Ան վստահեցուց, թէ իր երկրին մէջ ոչ մէկ ժողովուրդ խտրականութեան կ՛ենթարկուի։
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան արձագանգեց Ատրպէյճանին՝ դիտել տալով. «Ծիծաղելի է, երբ Ադրբեջանը փորձում է աշխարհին մարդասիրութիւն ցուցադրել։ Այս ցուցադրուած կամ կեղծ հումանիզմը (մարդասիրութիւնը) չէ, որ պէտք է խօսի պետութեան հումանիստական դիրքորոշման կամ վարքագծի մասին, այլ հայ ռազմագերիների նկատմամբ ցուցաբերուած ամենավերջին դաժանութիւնները, ռազմական յանցագործութիւնները եւ 120 հազար մարդու 9 ամիս շարունակ շրջափակման մէջ պահելը լրիւ այլ բաներ են ապացուցում»:
Ստեփանեան շեշտեց, որ եթէ նոյնիսկ ընդունինք, որ արցախցի ֆութպոլի մարզիկները անարգած են Ատրպէյճանի դրօշը, ինքնին Պաքուի օրէնքով վարչական իրաւախախտումէն մէկ տարի ետք որեւէ պատասխանատուութիւն նախատեսուած չէ, իսկ այդ միջադէպը ճիշդ երկու տարի առաջ եղած է: «Երեւի մտածել են, որ մենք չենք ուսումնասիրելու իրենց օրէնսդրութիւնը, չենք հասկանալու էս նիւանսները (նրբութիւնները), եւ փորձել են վարչական պատասխանատուութիւն սահմանել: Բայց օրէնսդրութիւնը այլ բան է ասում», ըսաւ Ստեփանեան:
Հակարիի անցակէտէն երկու տարեց արցախցիներ Վագիֆ Խաչատրեան եւ Ռաշիդ Բեգլարեան առեւանգուած եւ մինչեւ այժմ Պաքու մէջ բանտարկութեան մէջ են, յիշեցուց Ստեփանեան՝ աւելցնելով. «Այդ անցակէտում ադրբեջանն ինչ ուզում անում է, դա ազատազրկման գործիք է Բաքուի ձեռքին, յատկապէս որ հայկական կողմը բոլորովին չգիտի, թէ ում անուն-ազգանուններ են ներառուած Բաքուի սեւ ցուցակներում»:
Այս բոլորը, ըստ անոր, նաեւ միջազգային հանրութեան անտարբերութեան արդիւնք է: «Անընդհատ խօսւում է Ադրբեջանում մարդու իրաւունքների կամ օրինականութեան խայտառակ վատ վիճակի մասին, բայց միեւնոյն ժամանակ դա չի անդրադառնում, օրինակ, Եւրոպա-Ադրբեջան տնտեսական յարաբերութիւնների վրայ, կամ Ամերիկայի կողմից Ադրբեջանին տրուող ռազմական աջակցութեան վրայ», ըսաւ Ստեփանեան:
Արցախցի երեք ուսանողներուն առեւանգումէն ետք, ռուս խաղաղապահները դադրեցուցին մարդոց փոխադրութիւնը Հակարիի անցակէտով: Այժմ Արցախի մէջ կան Երեւանի համալսարաններ ընդունուած 50 ուսանողներ, որոնք չեն կրնար դասերուն հետեւիլ: «Քանի անվտանգութեան երաշխիք չկայ, փոխադրում չպէտք է լինի», հաստատեց Ստեփանեան ։