Գերմանիոյ խորհրդարանի Մարդկային իրաւունքներու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռենաթա Ալթ առաջարկեց Արցախի շրջափակման պատասխանատուներուն դէմ անձնական պատժամիջոցներ հաստատել:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը իսկապէս խիստ մտահոգիչ է, եւ ես ուշադիր կը հետեւիմ շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն», «Հայփրէս» լրատու գործակալութեան հարցումին իբրեւ պատասխան յայտարարեց Ալթ:
Ան նշեց, որ կացութեան բարելաւման նպատակով քննարկումներ կը կատարուին ղեկավարներու եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հետ` վստահեցնելով, որ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել Արցախի բնակչութեան` մարդկային իրաւունքները ապահովելու համար:
Ըստ Ալթի` Եւրոպական Միութիւնը կրնայ արդիւնաւէտ ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ՝ միայն կեդրոնացուած ուժով: Ալթ անհրաժեշտ նկատէգ, որ Եւրոպական խորհուրդը եւ Եւրոպական յանձնաժողովը հանդէս գան նախաձեռնութիւններով` «շրջափակման քաղաքական ճարտարապետներուն դէմ անձնական պատժամիջոցներ կիրարկելու համար»: