ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Համաշխարհային հաղորդակցութիւններու աննախադէպ զարգացումով եւ մրցակցութիւններու խելայեղ մագլցումով, համաշխարհային առեւտուրի ճանապարհները տարածուած են երկիրներու եւ ցամաքամասերու միջեւ՝ ինչպէս արիւնատար երակներ, որոնց վրայ տիրապետութիւն եւ վերահսկողութիւն հաստատելու ձգտումը վերածուած է գերպետութիւններու միջեւ աշխարհաքաղաքական սուր պայքարի:
Այդ ճանապարհներուն կարեւորագոյններէն են Հարաւային Չինական ծովէն (South China Sea) Մալաքա նեղուցով Հնդկաց ովկիանոս եւ Չինաստանը Եւրոպային կապող ցամաքային ուղին, որ կ՛անցնի Միջին Ասիոյ երկիրներէն, հասնելու Սեւ ծով:
2013ին, Չինաստան մեկնարկը տուաւ իր «գօտի եւ ճանապարհ» նախաձեռնութեան (BRI: Belt and Road Initiative), որ կ՛երկարի Չինաստանէն մինչեւ Եւրոպայի ամէնէն հեռաւոր կէտը, Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի ցամաքամասերը, ճանապարհներու ամբողջ ցանցի մը ստեղծումով եւ անոնց երկայնքին ֆիզիքական կառոյցներու հիմքը դնելով, հիմնականին մէջ՝ փափուկ ուժի տարածումով՝ գերպետութիւն դառնալու իր ձգտումը իրականացնել:
Ամերիկեան «Քարնըկի» նշանաւոր հետազօտական հաստատութեան (Carnegie Endowment for International Peace) կողմէ Էմիիլ Աւտալեանի 17 Օգոստոսին ստորագրած յօդուածին ընդմէջէն կը տեղեկանանք, որ այս տարուան 31 Յուլիսին, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Կարիպաշվիլիի Պէյճինկի մէջ Զի Ցին Փինի հետ ունեցած հանդիպման առանցքը եղած է Չինաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գործակցութեան զարգացումը եւ «գօտի եւ ճանապարհ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, անոնք ստորագրած են համաձայնագիր մը։ Այդ համաձայնագիրով, Չինաստան յանձն կ՛առնէր Սեւ ծովուն վրայ Վրաստանի Անաքլիա քաղաքի ափին արդիական նաւահանգիստի մը կառուցումը, որ Չինաստանը Միջին Ասիոյ երկիրներով՝ Խրխզիստանով, Եուզպեքիստանով, Կասպից ծովով, Ատրպէյճանով եւ Վրաստանով կը հասցնէ մինչեւ Սեւ ծով եւ Եւրոպա:
Ըստ յօդուածագիրին՝ այս համաձայնութիւնը Չինաստանին կու տայ տարածուն ներկայութեան մը Կովկասի մէջ։ Մինչդեռ, քանի մը տարի առաջ, այս մէկը անկարելիութիւն մըն էր, նկատի ունենալով այն, որ Կովկասը երկու հարիւր տարիէ ի վեր կը գտնուէր ռուսական ազդեցութեան գօտիին մէջ: Չինաստանի ցամաքային ճամբան դէպի Եւրոպա բացառապէս Ռուսիոյ վրայով պիտի անցնէր: Ռուս-ուքրանական պատերազմը եկաւ բացայայտելու, որ Ռուսիա թուլցած երկիր է այլեւս, պատերազմը կրնայ շատ երկար տեւել, իսկ այդ թուլութեան պատճառով, Կովկասի մէջ հետզհետէ կը ստեղծուի ոյժի դատարկութիւն մը (power vacuum), զոր կը փութան լեցնելու այլ երկիրներ՝ ինչպէս Թուրքիա, Իրան եւ արեւմտեան կարգ մը ուժեր։
Չինաստանի համար ալ ասիկա պատեհ առիթ է օգտուելու այս իրավիճակէն, մանաւանդ որ Ատրպէյճանով եւ Վրաստանով ճանապարհը ամէնէն մօտիկն է դէպի Ռումանիա եւ Եւրոպա:
Վրաստան այս համաձայնագիրով կը փորձէ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ քաղաքականութիւն վարել։ Մէկ կողմէ Ռուսիոյ դէմ արեւմտեան տնտեսական պատժամիջոցներուն չմասնակցելով եւ անոր հետ մերձեցում մը սկսելով, որ պատճառ պիտի դառնար երկրին մէջ ժողովրդային բուռն ցոյցերու, միւս կողմէ՝ գործակցելով Չինաստանի հետ, որ Ամերիկայի թիւ մէկ հակառակորդն է: Այս քաղաքականութեամբ, Վրաստան կը փորձէ Եւրոպային ստիպել արագացնելու Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան իր թեկնածութիւնը:
Չինաստան-Վրաստան այս համաձայնութեան իրականացման պարագային, չինական նոր «մետաքսի ճանապարհը» շրջանցած կ՛ըլլայ Հայաստանը, որ առանց այդ ալ արդէն շրջափակման մէջ է երեսուն տարիներէ ի վեր: Երկու այլ երկիրներ եւս դէպի Եւրոպա ցամաքային ճանապարհի պէտքը ունին՝ Իրան եւ Հնդկաստան:
Հնդկաստան Նարենտրա Մոտիի վարչապետութեան ժամանակամիջոցին, արդէն իր նախկին կամաւոր մեկուսացումէն դուրս եկած է եւ կը ձգտի դառնալ գերպետութիւն մը: Մինչ Չինաստան կը դիմագրաւէ ժողովրդագրական սուր տագնապ մը իր բնական աճին դէմ անցեալին որդեգրած սխալ քաղաքականութեան պատճառով։ Անիկա այսօր ունի ծերացող բնակչութիւն մը, իսկ Հնդկաստան՝ ընդհակառակը՝ ունի երիտասարդ եւ աճող բնակչութիւն մը եւ զարգացող տնտեսութիւն մը: Աշխարհաքաղաքական գետնի վրայ, անոր դերը եզակի է Հնդկաց ովկիանոսին մէջ, մանաւանդ Չինաստանի ունեցած Հարաւային Չինական ծովուն մէջ իր ծաւալապաշտական քաղաքականութեան պատճառով: Չինական այս քաղաքականութեան դէմ Ամերիկայի համար կենսական է դաշնակցութիւնը Հնդկաստանի եւ այդ ծովը եզերող մնացեալ երկիրներուն հետ, որոնք Թայուանէն ետք չինական ուղղակի սպառնալիքին թիրախ են:
Հնդկաստանի զարգացող եւ ընդարձակուող տնտեսութիւնը պէտք ունի շուկաներու, որոնց հասնելու համար, ծովային ճանապարհին զուգահեռ, ցամաքայինը նոյնպէս անհրաժեշտ է, մանաւանդ Միջին Ասիոյ հարուստ երկիրներու շուկան, որոնց ամէնէն կարճ ճանապարհը դէպի հիւսիս, արգելափակուած է նոյնինքն Չինաստանի եւ Հնդկաստանի թշնամի Փաքիստանի աշխարհագրական դիրքին պատճառով։ Նոյնիսկ Իրանէն եւ Աֆղանիստանէն անցնող ճանապարհը, թալիպաններու իշխանութեան գալով, այլեւս անյոյս է: Հնդկաստանին կը մնայ միայն ծովով անցնիլ Իրանի Պանտար Ապպաս նաւահանգիստը, որմէ ետք այդ երկիրին միջով հասնիլ կամ Ատրպէյճան եւ Վրաստանէն Սեւ Ծով, կամ՝ Հայաստանէն Վրաստան: Ատրպէյճանական ուղին ձեռնտու չի թուիր ըլլալ, որովհետեւ Իրանի համար անիկա կ՛ենթադրէ քաղաքական զիջումներ։ Կայ նաեւ Իսրայէլ-Ատրպէյճան ռազմավարական գործակցութիւնը, որ կը միտի Իրանը ապակայունացնել: Երրորդ ճանապարհը Իրան-Թուրքիա-Սեւ Ծով ճանապարհն է, որ Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքական շահերուն դէմ է, որովհետեւ իր վերահսկողութենէն դուրս կը մնայ, նաեւ Իրանի, Եւրոպայի եւ Հնդկաստանի՝ որովհետեւ երեքն ալ պիտի չուզէին Թուրքիոյ առանց այդ ալ աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան վրայ աւելցնել ազդակ մը եւս, նկատի ունենալով, որ ռուսական կազի դէպի Եւրոպա հոսքը ներկայիս կը հասնի Ատրպէյճանի վրայով եւ Թուրքիոյ տարածքով: Ինչ կը վերաբերի Միջին Ասիական շուկային՝ անոր կարելի է հասնիլ Իրանով դէպի Թուրքմենիստան եւ միւս երկիրները: Դէպի Սեւ ծով ճանապարհը կը մնայ անցընել Հայաստանով՝ միակը, որ ձեռնտու է երկու երկիրներուն, իր Սիւնիքով, որուն Հայաստանի մաս մնալը անհրաժեշտ է թէ՛ կազով եւ քարիւղով հարուստ Իրանի եւ թէ Հնդկաստանի զարգացող տնտեսութեան ու Եւրոպան շահագրգրող անոր մեծ շուկային համար:
Հնդկաստանի եւ Իրանի համար, հայկական ճանապարհի ռազմավարական կարեւորութեան գիտակցելով՝ Հայաստան ձեռնածալ պէտք չէ մնայ, այլ՝ ոգի ի բռին պէտք է աշխատի նպաստել անոր իրականացման, ոչ միայն հարաւ-հիւսիս ճանապարհը իր լրումին հասցնելով, այլ՝ Գիւմրիի մէջ արդէն ծրագրուած չոր նաւահանգիստի (dry port) աշխատանքները արագացնելով։ Գիւմրի քաղաքի խորհրդային ժամանակներէն ժառանգ մնացած ենթակառոյցները պիտանի դարձնելով, Գիւմրի-Փոթի երկաթուղին բարելաւելու եւ արդիականացնելու համար Վրաստանի հետ գործակցելով եւ յարակից բազմաթիւ ծրագիրներ ձեռնարկելով:
Գալով Սիւնիքի մարզին՝ պէտք է յատուկ ուշադրութեան արժանացնել եւ տնտեսական համապարփակ ծրագիրներ մշակելով մարզի գիւղերու զարգացման համար, որպէսզի բնակչութիւնը մնայ իր հայրենի հողին վրայ:
Ռուսիոյ՝ Արցախի հարցին մէջ, ոչ-հայամէտ քաղաքականութեան պատճառներէն մէկն ալ հայկական այս ճանապարհի հաւանական իրագործման եւ օգտագործման պարագային, իր աւանդական ազդեցութեան գօտի Կովկասի մէջ պիտի ուժեղացնէ եւրոպական, հնդկական եւ իրանեան ազդեցութիւնը: Այդ քաղաքականութեան արդիւնք էր Արցախի երկրորդ պատերազմը, Թուրքիոյ անարգել միջամտութիւնը, Ստեփանակերտի եւ Արցախէն մնացած տարածքին շրջափակումը եւ Բերձորի միջանցքի (Լաչինի) պաշարումը:
Մեզի համար օդի եւ ջուրի չափ կենսական է հայկական այս ճանապարհը, որ պիտի նպաստէ մեր երկրի ինքնիշխանութեան ամրապնդման: