Մոսկուա Երեւանէն պարզաբանում խնդրեց ՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացման համար Ազգային ժողով ուղարկելու քայլին վերաբերեալ:
Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ դիտել տալով, որ տրուած պատասխանի հիման վրայ պիտի ճշդեն իրենց պատասխան քայլերը։
Հայաստանի կառավարութիւնը Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացման համար Ազգային ժողով ուղարկեց 1 Սեպտեմբերին։ Այս միջոցով, Հայաստանի կառավարութիւնը կարելութիւն կը տեսնէ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչելու։
Միջազգային քրէական դատարանը Ռուսիոյ նախագահը ձերբակալելու հրաման տուած էր։ Անոր յաջորդեցին միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու պնդումները, թէ Հռոմի կանոնադրութեան միանալու պարագային, Հայաստան ստիպուած պիտի ըլլայ ձերբակալելու Ռուսիոյ նախագահը։