Հայաստանի կառավարութիւնը Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը ուղարկեց Ազգային ժողով` առ ի վաւերացում: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուց վարչապետի աշխատակազմի Տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը 24 Մարտին յայտնեց, որ միջազգային դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը կը համապատասխանէ Հայաստանի Սահմանադրութեան։ Մինչ այդ, Միջազգային քրէական դատարանը Ռուսիոյ նախագահը ձերբակալելու հրաման տուաւ։ Ասոր յաջորդեցին միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու պնդումները, թէ Հռոմի կանոնադրութեան միանալու պարագային, Հայաստան ստիպուած պիտի ըլլայ ձերբակալելու Ռուսիոյ նախագահը։
2022ին, կառավարութիւնը այս հարցով դիմեց Սահմանադրական դատարանին: Կառավարութիւնը վերադարձուց Հռոմի կանոնադրութեան ճանաչման հարցը, որովհետեւ, ըստ այս նախագիծի հիմնաւորման, կարելիութիւն կը տեսնեն Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչելու: