Մինեսոթա նահանգին մէջ, Միսիսիփի գետին վրայ կանգնած կամուրջի մը աղէտալի փլուզումը, 1 Օգոստոսին, արդարօրէն ահազանգի մատնեց Միացեալ Նահանգներու բնակչութիւնը, որովհետեւ աղէտին յաջորդող ժամերուն եւ օրերուն, շուտով բացայայտուեցաւ, թէ երկրի տարածքին շուրջ 150 հազար կամուրջներ դասուած են հինցած կամ վնասներ կրող կամուրջներու ցանկին մէջ։
Մինեսոթայի կամուրջին փլուզման պատճառներուն մասին շատ բան ըսուեցաւ. տրուեցան գիտական ու մասնագիտական բացատրութիւններ։ Առաջին ակնարկով, դէպքը մինչեւ իսկ քաշուեցաւ քաղաքական բեմ ու որոշ չափով դուրս հանուեցաւ իր տարողութենէն։ Այսուամենայնիւ, նոյն այդ տեղեկութեանց հոսանքին մէջ, ու անոր զուգահեռ, բացայայտուեցան այնպիսի նորութիւններ ու տեղեկութիւններ, որոնք չեն կրնար անտարբեր թողուլ միջին քաղաքացին, որ իր ապահովութիւնը վստահած է պետական վարչամեքենաներուն ու անոնց հետ գործակցող շինարարական ընկերութիւններու, իր օրապահիկէն կը վճարէ տուրքեր, մանաւանդ, որ նոյն այդ բացայայտումներուն մէջ նշումներ կատարուեցան երկրի ենթակառոյցին նկատմամբ անփութութեան, ապա նաեւ այլ կալուածներու մէջ մսխումներու մասին։