Ատրպէյճան 29 Օգոստոսին յայտարարեց, որ, Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան միջնորդութեամբ, երկու բեռնատարներով 40 թոն ալիւր կ՛ուղարկէ Լեռնային Ղարաբաղ` Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբով, առանց յստակացնելու, թէ արդեօք համաձայնութիւն ձեռք բերուա՞ծ է Արցախի իշխանութիւններուն հետ` բանալու Աղտամի ճամբան:
Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան նախագահ, պատգամաւոր Նովրուզ Ասլան ըսաւ, թէ դրական արձագանգ կ՛ակնկալեն Ղարաբաղի հայերէն՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային ալիւրէն բացի այլ անհրաժեշտ ապրանքներ եւս կրնան մատակարարել: «Մենք ուշադիր պիտի հետեւինք հոն տեղի ունեցող գործընթացներուն: Կը հաւատամ, որ այս քայլը դրական պիտի ընդունուի թէ՛ հասարակութեան, թէ՛ միջազգային հանրութեան, թէ՛ Խանքենդիի մէջ (Ստեփանակերտ) ապրող հայազգի բնակչութեան կողմէ», ըսաւ ան:
Ստեփանակերտի արձագանգը չուշացաւ. Արցախի նախագահի բանբեր Լուսինէ Աւանեսեան յայտարարեց, որ Պաքու հարցը լուծելու փոխարէն զայն կը խորացնէ. եթէ Ատրպէյճան իրապէս հետաքրքրուած է Արցախի ժողովուրդի մարդասիրական աղէտի վերացումով՝ պէտք չէ արգիլէ Լաչինի միջանցքով մատակարարումներու վերականգնումը, ինչպէս նախատեսուած է 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ:
«Քաշաթաղի (Լաչինի) միջանցքի` սահմանուած ռեժիմի (դրութեան) վերագործարկման խնդիրը եղել եւ մնում է առաջնահերթ, եւ ադրբեջանական կողմի հետ որեւէ երկխօսութիւն պէտք է ծաւալուի նախ եւ առաջ այդ հարցի շուրջ: Միջանցքը պէտք է ազատ եւ անխափան գործի ինչպէս մարդկանց, այնպէս էլ բեռների ու մեքենաների երկկողմանի տեղաշարժի համար», շեշտեց Աւանեսեան:

Աւելի ուշ, ատրպէյճանական Կարմիր Մահիկի գլխաւոր քարտուղար Ճէյհուն Միրզոեւ յայտարարեց, որ Աղտամի մէջ կը սպասեն ռուս խաղաղապահներու պատասխանին` «պայմաններ ստեղծելու բեռներու առաքման համար»: Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.» ատրպէյանական գործակալութեան` Կարմիր Մահիկի ներկայացուցիչները ճամբուն վրայ վրաններ տեղադրած են։
Մինչ այդ, Արցախի Ասկերանի շրջանի հարիւրաւոր բնակիչներ դէպի Աղտամ տանող ճամբու հայկական կողմը ցոյց կատարեցին։ «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ասկերանի քաղաքապետ Հայկ Շամիրեան ըսաւ, որ իրենք կ՛ուզեն ըսել, թէ իրենք կը մերժեն Ատրպէկճանիի՝ Աղտամով ուղարկած բեռը:
Ըստ «Նիուզ»ի՝ երեկոյեան, Ասկերանի վարչակազմի ղեկավար Հրայր Ապրեսեան հանդիպում ունեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչներէն մէկուն հետ, որ կը գտնուէր ատրպէյճանցիներուն մօտ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի տեղեկատուական շտաբի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեան, որ հարիւրաւոր արցախցիներու հետ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբուն մօտ կը գտնուի:
«Ռուս խաղապահների ներկայացուցիչը հաւաստիացրել է Հ. Ապրեսեանին, որ ոչ մի դէպքում թոյլ չեն տալու ադրբեջանցիներին առաջ շարժուել: Մենք մնում ենք այստեղ: Այս պահին վրան ենք տեղադրում», գրած է Ղահրամանեան։
Աւելի ուշ, «Արցախ Լրատուական»ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Ասկերանի նախկին քաղաքապետ Ալեօշա Գաբրիէլեան դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանցիները ռուս խաղաղապահներուն անցակէտը անցած են եւ կը փորձեն վրաններ տեղադրել: «Այս պահին ադրբեջանցիների հետ 200-400 մետր հեռաւորութեան վրայ ենք գտնւում: Մենք այստեղ ենք խշչընդոտելու` «հումանիտար» բեռի մուտքն Արցախ: Նրանց ուղարկած օգնութիւնը մեզ պէտք չէ: Թող բացեն Քաշաթաղի միջանցքը», շեշտեց Գաբրիէլեան։
Ասկերանցի Հերմինէ Խաչատրեան աւելի կանուխ առանձին հասած էր այն հատուածը, ուր պիտի հասնէին ատրպէյճանական բեռնատարերը։ Ան շեշտեց, որ մինչեւ վերջ հոն պիտի մնայ եւ չ՛արտօնէ, որ ատրպէյճանցիներուն ալիւրը մտնէ Ստեփանակերտ: «Ես որպէս զոհուածի քոյր, որպէս Ասկերան քաղաքի բնակչուհի, ես անձամբ մենակ վեր եմ կացել եկել եմ այստեղ, որպէսզի թողիմ վեչ վեր էս Ասկերանայ ճանապարաւը թորքին ալիրը կեայ հասնի Ստեփանակերտ: Նախընտրում եմ սոված մնամ, քան թէ թորքին ալիրը ուտիմ, ինձ դա պէտքը չի», յայտարարեց ան։
Ատրպէյճանի այս քայլին մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է նաեւ Արցախի նախագահի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան՝ դիտել տալով. «Ալիեւեան ցեղասպան ռեժիմը, 261 օր շրջափակելով եւ 77 օր լիակատար պաշարման պայմաններում պահելով Արցախի ժողովրդին, որոշել է հերթական էժանագին քարոզչական քայլը կատարել: Նրանք սպասել են մինչեւ իրենց ցեղասպանական քաղաքականութեան հետեւանքով Արցախում ալիւրի սղութիւնը հասնի կրիտիկական մակարդակի եւ հազարաւոր ընտանիքներ ընդհանրապէս հաց չունենան, որից յետոյ Կարմիր Մահիկի բեռնատարներով ալիւր ուղարկեն Ակնա (Աղդամ)` իբր Արցախի ժողովրդին «օգնութեան» նպատակով: Նրանց թատերական ու սադրիչ մեքենաները գտնւում են իրենց վերահսկողութեան տարածքում եւ չեն կարող անցնել արցախեան անցակէտը»:
Այս ծիրին մէջ Բեգլարեան քանի մը հարցումներ կ՛ուղղէ այս «մարդասիրական» քայլի հեղինակներուն՝ միտքի հեղինակներուն`դիտել տալով, որ մինչեւ այժմ ինչո՞ւ չեն բացած Լաչինի միջանցքը եւ չեն արտօնած, որ Կարմիր Խաչի միջոցով հասնի մարդասիրական օգնութիւնը, փոխարէնը դիմելով Կարմիր Մահիկին՝ միաժամանակ փճացնելով այդ կառոյցի չէզոք եւ ապաքաղաքական հեղինակութիւնը: Ան նաեւ կը հարցնէ, որ արդեօք ուղարկուած ալիւրը ստուգուա՞ծ է միջազգային տարրալուծարաններուն մէջ, որ «յանկարծ ալիւրի արտադրման ու մատակարարման շղթայում ընդգրկուած ադրբեջանցիները ալիւրի հետ թունաւոր նիւթեր խառնած չլինեն` ձեր իսկ կողմից խրախուսուած հայատեացութեան ու հայասպանութեան քաղաքականութեան ոգով»: