Պաքուն արձագանգեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերող նոր առաջարկներ փոխանցելու մասին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով չբացայայտեց Երեւանէն ստացած առաջարկներուն բովանդակութիւնը, նաեւ չյստակացուց անոնց վերաբերող Պաքուի դիրքորոշումը, այլ դիտել տուաւ, որ Փաշինեան Հինգշաբթի օր այդ մասին յայտարարեց առաջարկները փոխանցելէն բառացիօրէն 40 վայրկեան ետք:
«Կ՛ուզեմ նշել հետաքրքրական միտում մը` իբրեւ կանոն, հայկական կողմը 30-60 օր անպատասխան կը ձգէ Ատրպէյճանին ուղարկած մեկնաբանութիւնները: Ես հիմա չեմ ըսեր՝ այդ շատ է, թէ քիչ: Այդ ժամանակամիջոցին Ատրպէյճան այդ մէկը կ՛ընկալէ իբրեւ գործընթացի անբաժանելի մաս, որովհետեւ մեզի համար արդիւնքը աւելի կարեւոր է», ըսաւ Պայրամով եւ շարունակեց՝ ըդելով. «Հայկական կողմը եւ Հայաստանի վարչապետը նոր մրցանիշ սահմանեցին` մեկնաբանութիւնները ուղարկելէ ընդամէնը 40 վայրկեան ետք մամուլին համար յայտարարութիւն տարածելով: Ըստ իս, այս ամէնը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ կողմերէն ո՛վ շահագրգռուած է գործընթացի հանգուցալուծումով եւ ով նախապատուութիւն կու տայ վերնագիրներուն եւ քաղաքական յայտարարութիւններուն»։
Պայրամով այս մասին խօսեցաւ Պելճիքացի իր պաշտօնակիցին՝ Հաճա Լահպիպի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Լահպիպ Պաքու մեկնեցաւ Հայաստանէն, ուր յայտարարած էր, թէ կը պատրաստուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններուն ընթացքին ալ կրկնել՝ Ալիեւի վարչակազմի պարտաւորութիւնն է Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ապահովութեան երաշխաւորումը եւ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը:
Այս պահանջը Լահպիպ ներկայացուց Ատրպէյճանի Պայրամովի հետ հանդիպման:
Նախագահ Ալիեւ մերժեց ընդունիլ Լահպիպը, ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, պելճիքացի նախարարին «հայանպաստ դիրքորոշման եւ Հայաստանի մէջ կատարած անհիմն յայտարարութիւններուի պատճառով»:
«Մենք կ՛ուզենք, որ Լաչինի միջանցքին մէջ չըլլան սահմանափակումները, որոնք օգուտ չեն բերեր։ Մենք կը կարծենք, թէ Ատրպէյճան կրնայ պատասխանատու կերպով լուծել այդ հարցը», Պաքուի մէջ յայտարարեց Լահպիպ։
Իբրեւ պատասխան` ան Լահպիպ լսեց պաշտօնական Պաքուի աւանդական արձագանգը, թէ Լաչինի ճամբան երկկողմանի բաց է, աւելին` Պաքու հայերուն մարդասիրական օգնութեան համար կ՛առաջարկէ այլ ուղի մըն ալ՝ Աղդամով:
Պայրամով նոյն ժամանակ անտեղի նկատեց Փաշինեանի մեղադրանքը, թէ Ատրպէյճան կը հրաժարի Ստեփանակերտի հետ բանակցութիւններէն: Ան նշեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու՝ իրենց հրաւէրը ուժի մէջ է:
«Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ, անկէ ետք յաջորդ հանդիպման հրաւէր ուղարկուեցաւ։ Կ՛ընդունուի՞ այդ հրաւէրը, թէ՝ ոչ, կախեալ է այն մարդոցմէ, որոնց հրաւէրը հասցէագրուած է», ըսաւ Պայրամով՝ եւ մանրամասնութիւններ տալով՝ յայտնեց. «Օգոստոսի սկիզբը այս ուղղութեամբ համաձայնութիւններ ձեռք բերուեցան: Տեղւոյն հայերու ներկայացուցիչները տուին իրենց համաձայնութիւնը եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ հանդիպում ունենալու Ատրպէյճանի կողմէ որոշուած քաղաքին մէջ», սակայն, ըստ իրեն, 5 Օգոստոսի հանդիպումը «տարբեր պատրուակներով ձգձգուեցաւ»:
Ստեփանակերտ, յիշեցնենք, յայտարարեց, որ բանակցութիւնները չեղարկուեցան Լաչինի միջանցքէն Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգման պատճառով: Պայրամով մինչդեռ պնդեց, որ հանդիպման չեղարկման պատճառը հայկական կողմի բանագնացին առողջական հարցերն էին:
«Անձը, որ պիտի գար 5 Օգոստոսի հանդիպման, առողջական հարցեր ունէր», յայտարարեց Պայրամով՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու։