Ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթը յօդուածով մը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանսա կը պատրաստուի ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին բանաձեւ մը ներկայացնել` անդրադառնալու Արցախի մէջ աճող մարդասիրական ճգնաժամին, որ յառաջացաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի առաւել քան ութ ամիս տեւող շրջափակման պատճառով։
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ մեծ քաղաքներու կողմէ ձեռք բերուած մարդասիրական օգնութիւնը պիտի ուղարկուի Հայաստան: Այդ ջանքերը յառաջ կը մղուին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին կողմէ։
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը լուրը չհաստատեց, ոչ ալ հերքեց, այլ մատնանշեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ կատարուած վերափոխումները, զորս ան կատարեց «Փուէն»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին՝ շեշտելով, որ Ֆրանսա պէտք է շարունակէ ճնշումը` Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը լուծելու համար:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի Արցախի մարդասիրական ճգնաժամին նուիրուած նիստին, ՄԱԿի մօտ Ֆրանսայի փոխներկայացուցիչ Նաթալի Պրոտհերս աջակցութեան հզօր յայտարարութիւն կատարեց Հայաստանին եւ կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ անյապաղ դադրեցնելու շրջափակումը: Լուսարձակի տակ առնելով այն, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակուող փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը բոլորովին անջատուած է աշխարհէն՝ ան դատապարտեց Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ստեղծուած իրավիճակի հետեւանքները վերացնելու նպատակով ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան արգելափակումը: Պրոտհերս նաեւ դատապարտելի նկատեց Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան գործունէութեան խոչընդոտումը՝ այս բոլորը նկատելով հակասում միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն:
«Մենք կը պահանջենք մարդոց, ապրանքներու, բեռներու ազատ տեղաշարժի վերականգնում Լաչինի միջանցքի երկու ուղղութիւններով: Կը խնդրենք բնակչութիւնը մատակարարել կազով եւ ելեկտրականութեամբ։ Նաեւ կենսական նշանակութիւն ունի բոլոր բնակչութեան համար հիմնական ծառայութիւններու շարունակական հասանելիութեան ապահովումը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Ֆրանսա պիտի աւելցնէ իր մարդասիրական աջակցութիւնը տուժած բնակչութեան։