Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպ, որ տարածաշրջանը տուած այցելութեան ծիրին մէջ պիտի այցելէ Ատրպէյճան, պիտի չընդունուի նախագահ Ալիեւի կողմէ՝ անոր հայանպաստ դիրքորոշումներուն պատճառով:
Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը հաղորդեց այս մասին՝ առանց իր աղբիւրը հրապարակային դարձնելու:
Աւանդաբար, Ատրպէյճանի նախագահը կ՛ընդունի երկիրը այցելող օտար պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները, մինչդեռ «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութեան յայտնած են, որ Իլհամ Ալիեւ պիտի չընդունի Հաճա Լահպիպը՝ «անոր հայանպաստ դիրքորոշման եւ Հայաստանի մէջ կատարած անհիմն յայտարարութիւններուն պատճառով»:
«Հաճա Լահպիպ Հայաստան տուած այցելութեան ընթացքին կատարեց հայանպաստ յայտարարութիւններ, որոնք հեռու են իրականութենէն եւ չեն համապատասխաներ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին», գրած է «Էյ.Փի.Էյ.»ը՝ վկայակոչելով անանուն աղբիւրը: