ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 14 Մայիսի խորհրդարանական եւ 28 Մայիսի նախագահական ընտրութիւններէ ետք, թափ ստացած է մշակոյթի եւ արուեստի նախաձեռնութիւններու դէմ արգելքներու հոսանքը։ Այդ արգելքները կը կատարուին յետադիմական շրջանակներու ընկերային ցանցերու միջոցաւ բարձրաձայնուած զրպարտութիւններու եւ բողոքներու միջոցաւ։ Տեղական իշխանութիւնները այդ պնդումները նկատի ունենլով, կամայական որոշումով կ՛արգիլեն նախաձեռնութիւնները կամ բեմադրութիւնները։
Այդ ծիրին մէջ, Թունճելի քաղաքի Ապահովութեան ծառայութեան որոշումով, չեղեալ համարուեցան Տերսիմի Հայոց հարթակին կազմակերպած համերգը եւ բանախօսութիւնը։ Բանախօսւթեան համար Տերսիմ հրաւիրուած էր «Ակօս»ի հայերէն էջերու աշխատակից Լուսյէն Քոփարը։ Տիկին Քոփար պատրաստած էր իր զեկոյցը՝ նիւթ ունենալով նոյնիսկ հայ ժողովուրդին կողմէ ընդհանրապէս անտեսուած գաղութի մը յայտնութեան դրուագները։ Տեղին էր նիւթին այս ընտրութիւնը, որովհետեւ տիկին Քոփար՝ իբրեւ «Ակօս»ի հայերէն էջերու երկարամեայ աշխատակից, բազմաթիւ վկայութիւններ ունէր յատկապէս հայերէն էջերու նախկին աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի տերսիմահայերու հետ ունեցած շփումներէն։ Այդ հանդիպումները յաճախ տեղի կ՛ունենային «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ, եւ բոլորէն առաջ թերթի աշխատակիցները տեղեակ կ՛ըլլայինք հայ ժողովուրդի անտեսուած եւ անգոյ համարուած բեկորներու հարցերուն։
Տերսիմի հայերը տարիներու հոլովոյթով յաջողեցան հայրենակցական միութեան սահմանումով իրենց գոյութիւնը պարտադրել, թէ՛ տեղւոյն ալեւի հասարակութեան եւ թէ պոլսահայութեան։
Արդարեւ, Տերսիմի Հայ հարթակը իր ծրագրած միջոցառման արգիլումէն ետք, մամլոյ յայտարարութեան մը միջոցաւ հանդէս եկաւ Տերսիմի Մարդկային իրաւունքներու միութեան մէջ։ Հարթակին անունով ելոյթ ունեցաւ Ահմետ Ասատուր Պալքըս։ Ան նախ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց զօրակցող տեղական հասարակական կազմակերպութիւններուն, լրագրող Արիս Նալճըին եւ «Ակօս»ի խմբագրութեան, որոնք իրենց հաղորդումներով արձագանգ կը հանդիսանան տերսիմահայութեան։ Ապա ան ընթերցեց հարթակի պաշտօնական յայտարարութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Մենք՝ հայերս՝ իբրեւ Տերսիմի տեղացի ժողովուրդ եւ բնիկ ժողովուրդ զուրկ ենք ամէնէն փոքր տեղաշարժի հնարաւորութենէն։
«Ոչ մէկ հաստատութիւն կը համարձակի մեր կողքին կանգնիլ։ Մտադիր էինք մեր ուժերով եւ հնարաւորութիւններով միջոցառումներ կազմակերպել՝ հայ ժողովուրդը համախմբելու համար։ Բայց չունեցանք այդ հնարաւորութիւնը։
«Գիտենք այս տեսակ վախի մը պատճառները։ Մեր պարտքն է այդ մասին յայտնել հանրութեան։ Դուն կրնաս ամէն ինչ ըլլալ, բայց չես կարնար հայ ըլլալ ։ Հայկական ինքնութեան տէր կանգնիլը, ինքնին քաղաքական մօտեցում է։
«Տերսիմի մէջ հայկական ինքնութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան վերաբերող գիտակցութիւնը անբաղձալի է։ Տարածաշրջանի հայոց համար դժուար է վերադառնալ իրենց նախնեաց ինքնութեան ու հաւատքին։ Այդ դժուարութեան գլխաւորը արտայայտուելու դէմ յարուցուած արգելքներն են։
«Հետեւցնելով ներկայ իրողութենէն՝ կարելի է ըսել, թէ 2023ին, ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի այս հողերուն վրայ»։