Վերջերս բնագէտներուն, տիեզերաբնագիտութեան եւ արեգակնային բնագիտութեան մասնագէտներուն յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձած է անջրպետի օդերեւոյթին արձանագրած վերիվայրումները: Այսուհանդերձ, նշեալ երեւոյթին պատճառով երկրագունդին սպառնացող վտանգներուն առաջքը առնելու նպատակով հետազօտողները սկսած են ձեռնարկել շատ աւելի բարդ սարքերու եւ կազմածներու պատրաստութեան, եւ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին այս առումով եղած են կարգ մը իրագործումներ, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւը կը հանդիսանայ Անջրպետի միջավայրի քննութեան եւ վերլուծումի համակարգը (Space Environmental Viewing and Analysis Network – SEVAN), որ գլխաւորուած է Երեւանի Բնագիտութեան հիմնարկի տիեզերական ճառագայթներու բաժանմունքին կողմէ:
Մայիսի կէսերուն Հնդկաստան եւս միացաւ այն ինը երկիրներուն շարքին, որոնք մաս կը կազմեն համաշխարհային համբաւ ստացած այս համացանցին: Այսուհանդերձ, Մայիս 19ին Գերմանիոյ Պէտ Հոնէֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Միջազգային արեգակնաբնագիտութեան տարի – 2007» խորհրդաժողովին մասնակիցներուն միջեւ գործակցութիւն ստեղծելու նպատակով կայացած հանդիպումին, փրոֆ. Աշոտ Չիլինգարեան, որ կը գլխաւորէ տիեզերական ճառագայթներու ուսումնասիրութեան բաժանմունքը, եւ Նիւ Տելհիի Ճաուահարլալ Նեհրու կոչուած համալսարանին միջավայրի գիտութիւններու բաժանմունքին տնօրէնը՝ փրոֆ. Սոմիթրա Մուխերժի, կը ստորագրեն գործակցելու համաձայնագիր մը:
Անջրպետի միջավայրի քննութեան եւ վերլուծումի համակարգը կը պարունակէ առձեռն փոխադրուող անջրպետի օդերեւոյթին հետեւող յատուկ սարքեր, որոնք պիտի պատրաստուին Հայաստանի Տիեզերական ճառագայթներու բաժանմունքին գիտնականներուն կողմէ եւ պիտի տեղադրուին համապատասխան երկիրներուն մէջ: Նշեալ սարքերուն միջոցով հետազօտողները կրնան դիտել, վերլուծել եւ ճշգրտօրէն կանխատեսել օդերեւոյթին փոփոխութիւնները: Այդ սարքերուն ամէնէն զգայուն եւ արհեստագիտական մասերը պիտի պատրաստուին Հայաստանի մէջ, իսկ անոնց վրայ ծածկուելիք եւ իբրեւ յենարան ծառայելիք մասերը պիտի պատրաստուին այն երկիրին մէջ, ուր պիտի տեղադրուին անոնք եւ այնտեղ պիտի ամբողջանայ անոնց կազմութիւնը:
Սարքերուն միջոցով հաւաքուած օդերեւութաբանական տեղեկութիւնները մատչելի պիտի դառնան համացանցի միջոցով, սակայն անոնց հակակշռումն ու համադրումը պիտի կատարուի Տիեզերական ճառագայթներու բաժանմունքին գլխաւոր կեդրոնատեղիին՝ Երեւանի մէջ, փրոֆ. Չիլինգարեանի հսկողութեամբ:
Այս համակարգին պատկանող յատուկ սարքերը պիտի տեղադրուին նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի կարգ մը երկրորդական վարժարաններուն մէջ:
Ո՞Վ Է ՓՐՈՖ. ԱՇՈՏ ՉԻԼԻՆԳԱՐԵԱՆ
Ծնած է Երեւան, 1949 Մայիս 18ին: Երեւանի Բնագիտութեան հիմնարկին մէջ մասնագիտացած է բնագիտութեան եւ ուսողութեան ճիւղերուն մէջ եւ 1991ին ստացած է դոկտորական վկայականը այդ զոյգ մարզերուն մէջ: 1975էն ի վեր փրոֆ. Չիլինգարեան բնագիտութեան դասախօս է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:
1993ին ան կը ստանձնէ Երեւանի Բնագիտութեան հիմնարկին տնօրէնի տեղակալի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ՝ Տիեզերական ճառագայթներու բաժանմունքին տնօրէնի պաշտօնը: Նշեալ բաժանմունքը կը պատկանի Երեւանի Բնագիտութեան հիմնարկին, որ Մայիս 2004ին վերանուանուեցաւ իբրեւ Ալիխանեանի անուան բնագիտութեան հիմնարկ՝ համբաւաւոր գիտնական Արտեմ Ալիխանեանին անունը կրելով: Այս վերջինը 1943ին Արագած լերան վրայ հիմնած է Տիեզերական ճառագայթներու բաժանմունքը:
Փրոֆ. Չիլինգարեանի հետազօտութիւնները կեդրոնացած են մասնաւորաբար մեծ համեմատութեանբ ջերմուժ պարունակող աստղամասնիկային բնագիտութեան վրայ:
Ան արժանացած է հետազօտական աւելի քան 10 մրցանակներու, զորս ստացած է գիտահետազօտական տարբեր հաստատութիւններէ, ինչպէս, օրինակ, Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան միջազգային կեդրոնէն, ՆԱԹՕէն եւ այլ հիմնարկներէ:
Փրոֆ. Չիլինգարեան հեղինակն է Analysis and Nonparametric Inference (ANI) կոչուած յատուկ կանոնագիրքին, որուն գործածութիւնը վերջերս մեծ ընդունելութիւն գտած է տարբեր երկիրներու մէջ, ժամանակակից տիեզերական ճառագայթներուն կապակցաբար անոր ունեցած տեղեկութիւններու բազմածաւալ վերլուծումին համար: Ան ունի աւելի քան երկու հարիւր հրատարակութիւններ եւ իր մասնակցութիւնը բերած է միջազգային գիտական յանձնախումբերու աշխատանքներուն մէջ:
Փրոֆ. Չիլինգարեան նախագահած է նաեւ միջազգային տարբեր խորհրդաժողովներու եւ բազմաթիւ անգամներ ներկայացուցած է տիեզերական ճառագայթներու բնագիտութեան, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ վերլուծելու նորագոյն միջոցներու առնչուած նիւթեր:
Փրոֆ. Չիլինգարեան Արագած լերան վրայ կառուցուած Արագածի Անջրպետի միջավայրի կեդրոնին հիմնադիրն է: Նշեալ կեդրոնը օժտուած է խառնածին մասնիկներ յայտնաբերող արդիական գործիքներով, որոնք կրնան միաժամանակ չափել երկրորդական նկատուող տիեզերական ճառագայթներուն պարունակած ելեքտրականութեամբ լիցքաւորուած (charged) եւ չէզոք հոսանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ ուսումնասիրել արեգակնային ուժեղ պայթումներէն յառաջացած շողարձակումներն ու անոնց պատճառով երկրագունդը շրջապատող մագնիսական հոսանքին կրած նկատառելի փոփոխութիւնները:
Վաստակաւոր այս գիտնականը իր յայտնաբերած տեղեկութիւնները վերլուծելու արհեստագիտութիւնը կիրարկած է նաեւ մանրակենսաբանութեան եւ քաղցկեղի առնչուած հետազօտութիւններուն մէջ, որուն միջոցով կարելի եղած է ճշդել տարբեր ծիներու համեմատութիւնները՝ առողջ եւ ուռ պարունակող հիւսկէններուն մէջ:
ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՃԱՌԱԳԱՅԹՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԸ
1943ին Արագած լերան վրայ գիտնական Արտեմ Ալիխանեանի ջանքերով կառուցուած այս բաժանմունքը ժամանակի ընթացքին դարձաւ հսկայ կազմակերպութիւն մը եւ ընդգրկեց տարբեր ենթաբաժանումներ: Նշեալ բաժանմունքը, որ ծանօթ է նաեւ Cosmic Ray Division անունով, իր հիմնադրութենէն ի վեր դարձած է տիեզերական ճառագայթներու եւ աստղաբնագիտութեան առնչուած հետազօտութիւններու գլխաւոր կեդրոններէն մէկը:
1993էն ի վեր նշեալ բաժանմունքին տնօրէնութեան պաշտօնը ստանձնած փրոֆ. Աշոտ Չիլինգարեանին միջոցով տիեզերական ճառագայթներ ուսումնասիրող այս բաժանմունքը կը ստանայ միջազգային ճանաչում եւ յատուկ կարեւորութիւն կը տրուի այնտեղ կայացող հետազօտութիւններուն, նկատի ունենալով, որ տիեզերական ճառագայթներուն եւ արեգակնային բներեւոյթներուն ուսումնասիրութեան մարզին մէջ նշեալ բաժանմունքը ունեցած է եւ կ՚ունենայ կարեւոր ներդրումներ:
Ներկայիս այնտեղ կը գործեն մօտաւորապէս 80 գիտնականներ, ճարտարագէտներ, մասնագէտներ եւ ուսանողներ: Արագածի վրայ հաստատուած այս բաժանմունքը բաղկացած է տիեզերական ճառագայթի եւ արեգակնային հսկողութեան երկու կայաններէ: Անոնցմէ մէկը կը կոչուի Արագածի կայան, որ կը գտնուի 3200 մեթր բարձրութեան վրայ, իսկ երկրորդը Նոր Ամբերդի կայանն է, որ կառուցուած է 2000 մեթր բարձրութեան վրայ:
Նշեալ երկու դիտարանները տեղեկութիւններ կը հաւաքեն, որոնց վերլուծումը կը կատարուի թուաբանական բարդ օրէնքներու միջոցով, որոնք գլխաւորաբար պատրաստուած են Տիեզերական ճառագայթներու բաժանմունքին կողմէ: Բաժանմունքին կատարած հետազօտութիւնները կը ծառայեն տեսական եւ գործնական նպատակներու: Արեգակնային բոցերն ու մեծ ժայթքումները, երբ ուղղուած ըլլան դէպի երկրագունդ, անոնք ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենան երկրագունդին վրայ եղող ուժանիւթի ցրւումի համակարգին, ինչպէս նաեւ կրնան վնասել անոր շուրջ գտնուող արբանեակներուն:
Վերջերս բաժանմունքի աշխատանքները կեդրոնացած են կանխազգուշացնող համակարգի նախատիպի մը վրայ, որ կրնայ վերոնշեալ վնասակար ազդեցութիւնները երկրագունդին հասնելէն 30 վայրկեան առաջ ահազանգել արբանեակներուն, աստղագէտներուն եւ առնչութիւն ունեցող այլ բաժանմունքներուն, որպէսզի այս վերջինները անհրաժեշտ միջոցառումները առնեն, եւ կարելի եղած չափով առաջքը առնուի յառաջանալիք նիւթական հսկայական վնասներուն:
Օգոստոս 2001ին Համպուրկի մէջ տեղի ունեցած Տիեզերական ճառագայթներու միջազգային խորհրդաժողովին Հայաստան կը դասուի գլխաւոր հինգ երկիրներուն շարքին, որոնք նկատառելի իրագործումներ կատարած են տիեզերական ճառագայթներուն ուսումնասիրութեան մէջ: Մնացեալ չորս երկիրներն են՝ Միացեալ Նահանգները, Գերմանիան, Ճափոնն ու Ռուսիան:
Փետրուար 2005ին ՆԱՍԱն Տիեզերական ճառագայթներու բաժանմունքին պատկանող Արագածի Անջրպետի միջավայրի կեդրոնին ունեցած երկու կայանները կը ներառէ իր աստղագիտական ցանկին մէջ:
Մինչ այդ, Արագածի Անջրպետի միջավայրի կեդրոնը գետնի վրայ եղող անջրպետի օդերեւոյթի նախատեսութիւններ կատարող աշխարհի լաւագոյն հետազօտական կազմակերպութիւններէն մէկը նկատուած է:
Տիեզերական ճառագայթները ուսումնասիրող բաժանմունքին գիտնականները յաճախ կը մասնակցին միջազգային գիտաժողովներուն, եւ ցարդ անոնց կատարած հետազօտութիւններուն արդիւնքները մեծ ընդունելութիւն գտած են այդ գիտաժողովներուն ընթացքին: Պէտք է նշել նաեւ, թէ նշեալ բաժանմունքին աշխատակազմը վճռած է իր հետազօտութիւնները շարունակել Հայաստանի մէջ եւ միջազգային խորհրդաժողովներուն մասնակցիլ իբրեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ հակառակ այլ երկիրներու մէջ աշխատելու կապակցաբար անոնց ներկայացած առիթներուն:
Տիեզերական ճառագայթներու բաժանմունքը կ՚ընդգրկէ նաեւ Երեւանի պետական համալսարանէն ուսանողներ, որոնք շրջան մը այնտեղ կը մնան եւ մօտէն կը հետեւին գիտնականներուն կատարած հետազօտութիւններուն, որպէսզի որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգեն, ինչպէս նաեւ իրենց թեզին պատրաստութեան հետ առնչուած անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւնները կը կատարեն:
ԱՆæՐՊԵՏԻ ՄԻæԱՎԱՅՐԻ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Յունուար 2006ին ՄԱԿի, ՆԱՍԱի եւ Եւրոպական անջրպետի գործակալութիւնը կը վաւերացնեն նշեալ համացանցին կազմութեան ծրագիրը, որ ծանօթ է իբրեւ SEVAN (Space Environmental Viewing and Analysis Network) անունով, եւ որուն գլխաւոր հեղինակն է փրոֆ. Չիլինգարեանը:
Միջազգային գիտաժողովներէն մէկուն ընթացքին կ՚որոշուի 2007 տարին հռչակել Միջազգային արեգակնաբնագիտութեան տարի, եւ այդպիսով համապատասխան ծրագիրներ կը մշակուին մասնաւորաբար անջրպետի օդերեւոյթին արձանագրած երկրագունդին վնասակար նկատուող վերիվայրումներէն նուազագոյն չափով ազդուելու կապակցաբար:
2007ին իրագործուելիք ծրագիրներուն գլխաւոր համակարգող եւ ՆԱՍԱի անդամ մասնագէտ Նէթ Կոփալսուամի գիտաժողովներէն մէկուն ընթացքին նշած է, թէ SEVAN կոչուած համացանցը կը հանդիսանայ ամէնէն կարեւոր ծրագիրներէն մէկը:
Անջրպետի օդերեւոյթը մասնագէտներուն կողմէ սահմանուած է իբրեւ երկրային համակարգերուն վրայ արեգակնային գործունէութեան ունեցած ազդեցութիւնը:
Արագածի Անջրպետի միջավայրի կեդրոնին գիտնականներուն համաձայն, SEVAN համացանցին կազմութեան գլխաւոր նպատակն է բարեփոխել անջրպետի օդերեւոյթին նախատեսութիւններուն առնչուած հետազօտութիւններուն որակն ու անոնցմէ բխած համապատասխան կանխազգուշացման համար առնուած քայլերը:
Նշեալ համակարգին միջոցով կարելի է յայտնաբերել արեգակնային դրութեան մէջ գտնուող մասնիկներու մէկէ աւելի տեսակներ եւ այդպիսով ապահովել ճշգրիտ տեղեկութիւններ:
Անջրպետին մէջ տեղադրուած լուսապատկերաչափերը յստակօրէն կը չափեն մասնիկներ պարունակող ճառագայթներուն ուղղութիւններուն փոփոխութիւններուն ժամանակահատուածները:
Մեծ քանակութեամբ ջերմուժ պարունակող մասնիկներուն ուժգնութեան տարողութեան հիման վրայ բաժնուած ժամանակահատուածները մեծապէս կը նպաստեն մոլորակներուն միջեւ պատահած խանգարումներուն ունեցած գլխաւոր յատկանիշներուն կապակցաբար տեղեկութիւններու ճշգրիտ փոխանցումին:
Նկատի ունենալով, որ տիեզերական ճառագայթները արագ կը ճամբորդեն եւ արեգակնային հովերուն մէջ ցիրուցան եղած բազմաթիւ ճամբաներ ունին, ատիկա կը նպաստէ, որպէսզի այդ տեղեկութիւնները շատ աւելի արագ հասնին օդերեւոյթին հետեւող գերզգայուն գործիքներուն եւ այդպիսով նպաստեն անջրպետի օդերեւոյթին նախատեսութեան գործընթացին արագացման:
Տիեզերքի միջավայրի քննութեան եւ վերլուծումի համակարգին պատկանող անջրպետի օդերեւոյթին հետեւող յատուկ սարքերուն միջոցով կատարուած նախատեսութիւններուն ճշգրտութեան համեմատութիւնը նկատառելիօրէն բարձրացած է ցարդ գոյութիւն ունեցող նոյնանման նպատակին ծառայող սարքերուն միջոցով կատարուած նախատեսութիւններէն: Անշուշտ նշեալ արդիւնքները ձեռք բերուած են երկարատեւ հետազօտութիւններէ եւ փորձարկումներէ ետք:
Այդ յատուկ սարքերը պիտի տեղադրուին միջին եւ ցած տարածութիւններու վրայ, եւ անոնց աշխատանքը պիտի համարկուի բարձր տարածութիւններու վրայ տեղադրուած անջրպետի մասնիկները յայտնաբերող համացանցին հետ:
Մասնագէտները կ՚ակնկալեն, որ Տիեզերքի միջավայրի քննութեան եւ վերլուծումի համակարգին միջոցով չափուած մասնիկներուն հոսքը, ինչպէս նաեւ արբանեակներէն եւ նմանօրինակ սարքերու համացանցերուն միջոցով ստացուած տեղեկութիւնները պիտի նուազեցնեն երկրագունդը շրջապատող մագնիսական ուժէն յառաջանալիք փոթորիկներուն, դէպի երկրագունդ ուղղուող մեծ համեմատութեամբ շողարձակումներուն կապակցաբար հնչող սխալ ահազանգներուն յաճախականութիւնը: