Պաշտօնական Պաքու դատապարտեց եւ անընդունելի նկատեց արցախցիներուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու Սպանիոյ կառավարութեան որոշումը:
Ռուսիոյ մօտ Սպանիոյ դեսպանատունը իր «Էքս»ի էջին վրայ տեղեկացուց, որ Սպանիոյ միջազգային զարգացման համագործակցութեան կազմակերպութիւնը որոշեց աջակցիլ Արցախէն Հայաստան տեղահանուած հազար ձերու՝ «Մենք` յանուն սովի դէմ պայքարի» մարդասիրական շարժման ծիրին մէջ:
Աւելին, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները այս հարցով արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրեցին Սպանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը՝ հանդիպման ընթացքին շեշտելով, որ Սպանիոյ առած քայլը սադրիչ է։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ դիտել տուաւ, որ «անընդունելի է» Սպանիոյ այս աջակցութիւնը եւ պնդեց, որ Ատրպէյճան խստօրէն կը դատապարտէ այդ ոչ-կառուցողական մօտեցումը»: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նոյնը կրկնեցին նաեւ սպանացի դիւանագէտին հետ հանդիպման՝ շեշտելով. «Այդ ապակառուցողական մօտեցումը չի համապատասխաներ Ատրպէյճան-Սպանիա յարաբերութիւններու ոգիին, եւ ատրպէյճանական կողմը խստօրէն կը դատապարտէ զայն»։