Ամերիկեան զէնքերու տարափ մը կը տեղայ Միջին Արեւելքի վրայ: Յաջորդ տասը տարիներուն ընթացքին շրջանին յանձնուող զէնքերու արժէքը պիտի հասնի 46 միլիառ եուրոյի, նշեց Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս։
«Նպաստաւորեալ»ները՝ Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, Քուէյթ, Պահրէյն, Քաթար, Օման եւ Արաբական միացեալ էմիրութիւններ, պարոն Ճորճ Պուշի դաշնակիցներն են շրջանին մէջ։ Գերարդիական զէնքերու հայթայթումը Սէուտական Արաբիոյ՝ կը մտահոգէր Իսրայէլը։ Ուստի Ուաշինկթըն հարցը «լուծեց», բարձրացնելով ամերիկեան զինուորական օգնութիւնը Թէլ Աւիւի: 25 առ հարիւր այս նորագոյն յաւելումով յառաջիկայ 10 տարիներուն այդ օգնութեան գումարը պիտի հասնի 30 միլիառ ամերիկեան տոլարի։
Դեկտեմբեր 2006ին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին 153 երկիրներ թեր քուէարկեցին որոշումի մը՝ պատրաստելու դաշնագիրի նախագիծ մը. անոր հիմամբ, հակակշիռ պիտի հաստատուի «աւանդական» կոչուած զէնքերու միջազգային վաճառքին վրայ։ Ցարդ ոչ մէկ միջազգային օրէնք կանոններ կը սահմանէ այդ առեւտուրին վրայ։
Քուէարկութեան ատեն ձեռնպահ մնացին 24 երկիրներ. անոնցմէ յիշենք՝ Չինաստանը, Ռուսիան, Հնդկաստանը, Իրանը, Իսրայէլը եւ Փաքիստանը։ Մէկ երկիր դէմ քուէարկեց՝ Միացեալ Նահանգները։
Եւրոպական միութիւնը հրապարակաւ զօրակցութիւն յայտնեց այդ ծրագիրին։ Բայց գրեթէ նոյն պահուն Փարիզ Լիպիոյ հետ ստորագրեց կարեւոր պայմանագրութիւններ. 168 միլիոն եուրօ Լիպիոյ կողմէ գնուած «Միլան» տիպի հակահրասայլային հրթիռներու համար (այդ տեսակի հրթիռները 41 երկիրներու ուժերուն զինարանին մաս կը կազմեն), նաեւ 128 միլիոն եուրօ՝ եւրոպական արտադրութեամբ հաղորդակցութեան «Թեթրա» համակարգին համար։
«Զիս ինչո՞ւ պիտի մեղադրեն,- ընդվզած հարց կու տայ Սարքոզի եւ կ՚աւելցնէ.- ի՞նչ մեղք գործեցի. պայմանագիրներ ճարելուս եւ անոնց շնորհիւ ֆրանսական գործարաններուն գործ հայթայթելո՞ւս համար կը մեղադրեն զիս»։ Ոչ անպայման։ Քննադատելի է այն խորհրդաւոր մթութիւնը, որուն մէջ տեղի կ՚ունենայ այս մահասփիւռ առեւտուրը, եւ որուն վրայ ոչ մէկ հակակշիռ ունի երկրի օրէնսդիր իշխանութիւնը։ Նոյնքան քննադատելի եւ վտանգաւոր է պատերազմի մը ընթացքին շարունակումը…
Ֆրանսա 2007ին աւելի քան 6 միլիառ եուրոյի զէնք պիտի ծախէ օտարներուն, յայտարարեց երկրին սպառազինման հարցերու ընդհանուր վարչութեան բանբերը Սեպտեմբեր 8, 2006ին։ Ան հպարտօրէն նկատել տուաւ, որ 2004ին այդ վաճառքներու գումարը չէր անցած 3.3 միլիառ եուրոն։
Սկզբունքով, Եւրոպական միութեան անդամները պարտաւոր են յարգելու կանոններ, որոնք իրենց կ՚արգիլեն զէնքեր տրամադրել արդէն ընթացող պատերազմներու կողմերուն։ Բայց, արտադրական շահերու պատճառներով, դժբախտաբար, արդիական զէնքերէն շատ քիչեր միայն կը շինուին մէկ վայրի մէջ։ Ուստի, եւրոպական գործարաններ (ինչպէս «Էօ.Ա.Տէ.Էս.»ը) եւ ամերիկեան գործարաններ կը հայթայթեն կտորներ եւ արդիական արհեստագիտութիւն՝ չինական «z-10» պատերազմական նոր ուղղաթիռի զարգացման համար, առանց գիտնալու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Պէյժինկի արտածման քաղաքականութիւնը:
Օրինակի համար՝ նշենք, որ Չինաստան արդէն զինուորական օդանաւեր հայթայթած է Սուտանի։
Միացեալ Նահանգներու գործառնութիւնը Միջին Արեւելքի՝ կը գրգռէ Սուրիոյ եւ Իրանի հակազդեցութիւնը։ Այս երկիրները կրնան միշտ դառնալ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ կողմը։
Նիճերիա կը մտահոգուի այն «նուէրներ»ով, զորս Լիպիա ստացաւ Ֆրանսայէն։ Լիպիա քանի մը ամիսներէ ի վեր ետ կը պահանջէ 30 հազար քառակուսի քիլոմեթրի վրայ տարածուող նիճերիական շրջան մը, որ հարուստ է քարիւղով եւ իւրանիոմով։
Սպիտակ տան կողմէ շփացուած Իսրայէլ չի բաւարարուիր այլեւս միայն ներածելով, այլ ան դարձած է Քոլոմպիոյ առաջին զէնք հայթայթողը։ Քոլոմպիոյ նոր ձեռք բերած «Կրակի ուժ»ը, որ կու գայ աւելնալու Վենեզուէլլայի հանդէպ Ուաշինկթընի թշնամութեան վրայ, կը մտահոգէ Քարաքասը. այս վերջինը եւս դէպի Մոսկուա կը թեքի արդիականացնելու համար իր սպառազինութիւնը։
Ուրիշ վաճառորդներ կ՚երեւին. Հնդկաստանը, Հարաւային Քորէան, Հարաւային Ափրիկէն։ Առեւտուրի այս բնագաւառը երբեք այսքան բարգաւաճ չէր եղած։ Այս տեսակի ապրանքի համար կատարուած ծախսերը 1058.9 միլիառ տոլարի հասան 2006ի վերջաւորութեան։
***
Եթէ հարց տրուի, թէ ի՞նչ է այս պատմութեան «բարոյագիտութիւնը», ապա կը պատասխանեմ՝ բացայայտօրէն չկայ։ Փենթակոնը կորսնցուցած է հետքը 110 հազար «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներու եւ 80 հազար ատրճանակներու (առանց խօսելու 135 հազար փամփշտարգել զրահներու մասին), որոնք իրաքեան կառավարութեան յանձնուած էին 2004ին եւ 2005ին։
Անկարելի չէ, որ այս զէնքերը ապստամբներու ձեռքերը ինկած են եւ կը գործածուին զինուորներու վրայ կրակելու… ամերիկացի՛ զինուորներու վրայ կրակելու։
«Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք»