Թէեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ ներկայ դրութեամբ, տեսանելի յառաջընթաց չկայ, Մարգարայի կամուրջին կից կը կառուցուի մաքսային անցակէտ մը:
«Կառավարութեան նիստերում մի շարք որոշումներ են ընդունուել ֆինանսաւորման հետ կապուած, ակտիւ (աշխոյժ) շինարարական աշխատանքներ են ընթանում», յայտնեց Պետական եկամուտներու կոմիտէի ղեկավար Ռուստամ Բադասեան: Սակայն, ան չնշեց, թէ ե՛րբ կ՛աւարտին շինարարական աշխատանքները:
Բադասեան աւելցուց, որ տեղեակ չէ կարգաւորման գործընթացէն եւ իր ղեկավարած կառոյցի գործառոյթը մաքսակէտը սահմանի բացման նախապատրաստելն է: