Նախ կ’ուզեմ իմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնել «Ասպարէզ»ին, որ իմ բանտարկութեան բոլոր երկար տարիներու ընթացքին, միշտ եղած է խուցիս մէջ, իմ կողքին եւ եղած է իմ կապը հայ կեանքի, Հայաստանի հետ:
Ամէն օր անհամբեր կը սպասեմ «Ասպարէզ»ները եւ իմ սիրած 4րդ էջը աչքի կ’անցընեմ, քանի հոն Հայաստանի լուրերը զիս գրաւած են: Աչքի անցընելէ ետք՝ կը սկսիմ առաջին էջէն կարդալ:
Տարիներու ընթացքին գոնէ 2 տասնեակ անգամներ բանտս կամ խուցս փոխուած է եւ ես շարունակ գլխու ցաւ եղած եմ ձեզի, խնդրեմ, ներէք զիս…:
Ահա անգամ մը եւս փոխուեցաւ իմ խուցս…: Կը յուսամ այս ըլլայ վերջինը եւ իմ յաջորդ խուցս ըլլայ Խոր Վիրապը…:
Խորին շնորհակալութիւններ
21-8-07թ.
Նոր հասցէս՝
Համբիկ Սասունեան
C.M.C բանտ
Hampig Sassounian
C-88440 A-Quad 1167X
P.O. Box 8101
San Luis Obispo, CA. 93409