Երեւան կը շեշտէ, որ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի՝ Շուէտի նախագահութեան ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ մեծ ակնկալիքներով կը սպասէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնած Սպանիոյ հետ համագործակցութեան: Այս մասին «Թուիթըր»ի վրայ գրառումներ կատարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
«Իսպանիայի կողմից ԵՄ խորհրդի նախագահութիւնը ստանձնելու հետ մէկտեղ մենք անհամբերութեամբ սպասում ենք ընդհանուր օրակարգի ընդլայնմանը, որն ուղղուած է ԵՄի հետ արդէն իսկ սերտ գործընկերութեան խորացմանը, տարածաշրջանային կայունութեանն ու կայուն զարգացմանը նպաստելուն, եւ այդ նպատակներին հասնելու համար` Հայաստան-Իսպանիա երկկողմ համագործակցութեան ամրապնդմանը», կ՛ըսուի Բադալեանի գրառումին մէջ:
Ան նաեւ կ՛ընդգծէ այն կարեւոր ձեռքբերումները, որոնք արձանագրուեցան Շուէտի՝ Եւրոպական Միութեան 6ամսեայ նախագահութեան ընթացքին, մասնաւորապէս` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն քաղաքական եւ ապահովական հարցերու երկխօսութեան առաջին հանդիպումը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան գործունէութեան մեկնարկը:
Իր կարգին Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնած Սպանիա յայտարարեց, որ յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ Արեւելեան գործընկերութեան, ինչպէս նաեւ պիտի կազմակերպէ Եւրոպական քաղաքական համայնքի երրորդ գագաթնաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 5 Հոկտեմբերին, Կրանատայի մէջ:
Այս գագաթնաժողովին ընթացքին նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական Միութեան նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը։