Լիբանանի գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին «Սփութնիք»ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիոյ պետութիւնը պատրաստ է առաջին փուլին հիւրընկալելու 180 հազար տեղահանուածներ, որոնց կը յաջորդեն ամսական դրութեամբ 15 հազար տեղահանուածներ:
Շարաֆէտտին ընդգծեց, որ այս իմաստով գործնական քայլերը պիտի որդեգրուին Սուրիա կատարուելիք իր այցելութենէն ետք` աւելցնելով, որ Սուրիա պաշտօնական այցելութեան համար ժամադրութիւն մը ճշդելու գծով կառավարութիւնը պարտականութիւն տուած է արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպին:
Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը Սուրիա այցելելութեան ընթացքին պիտի որոշէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գործնական քայլերը: