ՂԱԶՆԻ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 30ին, «Թալեպան» շարժումը ազատ արձակեց մօտաւորապէս վեց շաբաթ առաջ առեւանգուած հարաւային քորէացի եօթը պատանդներ: Մէկ օր առաջ, ազատ արձակուած էին 12 պատանդներ:
Հարաւային Քորէայի կառավարութեան ներկայացուցիչները հաղորդած էին, թէ «Թալեպան»ի հետ ուղղակի բանակցութեանց շնորհիւ կարելի եղած է պատանդներուն ազատ արձակման համաձայնութիւն մը գոյացնել:
Պատանդներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար Սէուլ «Թալեպան» շարժումին խոստացած էր դադրեցնել հարաւային քորէացիներու աւետարանչական գործունէութիւնը եւ շեշտած էր, թէ հաստատ պիտի մնայ մինչեւ տարեվերջ իր ուժերը Աֆղանիստանէն հեռացնելու որոշումին վրայ:
Պատանդներուն վերադարձը ապահովեցաւ Միջազգային կարմիր խաչի միջոցաւ:
«Թալեպան» շարժումը Յուլիս 19ին առեւագած էր 23 հարաւային քորէացիներ: Աոնցմէ երկուքը ազատ արձակուած էին տագնապին առաջին օրերուն, իսկ երկու ուրիշներ սպաննուած էին:
Նկարին մէջ, աֆղան պատանի մը կը դիտէ Հինգշաբթի օր ազատ արձակուած հարաւային քորէացի պատանդները փոխադրող Միջազգային կարմիր խաչի ինքնաշարժներ: