
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղի «Մշակութային երեկոյ» յաջորդական ծրագիրներու շարքին այս եղանակի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Յունիսին։ Օրուան բանախօսն էր Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպճէեան։
Ան ներկայացուց, «Սփիւռք, հայապահպանում եւ ամբողջական մշակոյթ» նիւթը։
«Մշակութային երեկոյ»ի բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան։
Դոկտ. Ճէպէճեան իր նիւթը սկսաւ նախ ներկայացնելով մշակոյթ հասկացողութիւնը եւ անոր բաղադրիչ մասերը՝դրուատելով ամբողջական մշակոյթի կազմաւորումը եւ հասկացողութիւնը հաւաքականութեան մը կեանքին համար։ Ապա ան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան պատճառած մեծ աղէտներէն մին՝ հայուն ամբողջական մշակոյթին կորուստը, երբ հայ ժողովուրդը իր պապենական հողէն տեղահան ըլլալով՝ կորսնցուց իր ազգային հողին վրայ ապրելու իր ինքնուրոյն կենցաղը։
Դոկտ. Ճէպէճեան խօսեցաւ հայկական սփիւռքներու կազմաւորումին մասին՝առաջին օրերէն՝ հասնելով ներկայ ժամանակները։ Ան դրուատեց հայկական սփիւռքներու փոփոխութեան անցած ու տակաւին տարբեր բուլերը եւ անոնց քայլ ար քայլ ընդգրկուելու գործընթացը տեղական իրականութիւններու հետ։ Այս իմաստով՝ ան ներկայացուց հայկական սփիւռքներու բարդ խճանկարները այսօր, օրինակներ բերելով իր երկար տարիներու ճամբորդութիւններու փորձառութենէն, երբ այցելած եւ տեսած է շատ մը հայկական գաղութներ: «Հայկական սփիւռքները տարբեր են բայց օտարներ չեն», ըսաւ ան։
Դոկտ. Ճէպէճեան անդրադարձաւ ներկայ ժամանակներու համաշխարհային կարգավիճակներու նմասին։ Համաշխարհայնացումէն դէպի տեղակայնացումի փոխադրուող իրավիճակներուն մէջ ան վեր արաւ «քաղաքական ինքնութեան» հասկացողութեան կազմաւորումը եւ անոր շեշտը՝ հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ։ Ան այս «քաղաքական ինքնութեան» եւ անոր գիտակցելու իրականութիւնը կամրջեց հայկական սփիւռքներու պարագային, երբ հայը նոյնպէս զգաստ սկսած է պահել իր ազգային ինքնութիւնը եւ անոր գիտակցութիւնը։ Ան ներկայ օրերու տիրող այս իրավիճակը նկատեց «դրական»՝ հայուն ազգային ինքնութեան եւ անոր արժեւորումին իմաստով։
Դոկտ. Ճէպէճեան իր խօսքի վերջաւորութեան անդրադարձաւ հայապահպանումի մեծ մարտահրաւէրներուն մասին։ «Մենք հայապահպանումի մեծ պատերազմին մէջ ենք Սփիւռքի մէջ։ Իւրաքանչիւր գաղութ իր ճակատամարտը կը մղէ այս իրականութեան մէջ» ըսաւ ան։
Դոկտ. Ճէպէճեան շեշտեց դաստիարակութեան կարեւորութիւնը նոր սերունդին համար, ապա խօսեցաւ հայկական ինքնութեան եւ մշակութային մեծ ժառանգի գիտակցութեան նկատմամբ հպարտութիւն սերմանելու անհրաժեշտութեան մասին։ Ան քաջալերեց ներկաները «դրական ուժով» եւ լաւատեսութեամբ։
Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ խոստմնալից երգիչ Գարիկ Մալխասեան, որ կատարեց Կոմիտասի ստեղծագործած երգերէն փունջ մը։