Երեւան 13 Յունիսին յայտարարեց, որ ռմբակոծելով Երասխի մէջ օտար ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղի գործարանը` Ատրպէյճան բացայայտօրէն կ՛արհամարհէ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները, մարդու իրաւունքները եւ միջազգային իրաւունքը։
«Ադրբեջանը հետեւողականօրէն ապացուցում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ բոլոր ուղղութիւններով բանակցային գործընթացներում առաջնորդւում է միմիայն ուժի ապօրինի կիրառմամբ իր ցանկալի լուծումները Հայաստանի Հանրապետութեանը պարտադրելու սկզբունքով, ինչի համար նպաստող կամ խրախուսող միջավայր է ընկալում միջազգային հանրութեան մեղմ արձագանգը եւ ամենաթողութիւնը», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
Աւելի կանուխ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը զանազան տրամաչափի հրաձիգներով կրակ բացին Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Նախիջեւանի սահմանէն 800 մեթրի վրայ` Երասխ գիւղի Բարեկամութեան փողոցին մէջ մետաղի գործարանի շինարարութիւնը սկսաւ, ինչ որ «խիստ անհանգստացրել է Ադրբեջանի բնապահպանութեան նախարարութեանը»: Պաքու կը պնդէ, որ «առանց այդ գործունէութիւնը Ատրպէյճանի հետ համադրելու» Հայաստան կը խախտէ միջազգային բնապահպանական չափանիշները:
Երեւան դիտել տուաւ, որ 13 Յունիսին կրակ բացուեցաւ նաեւ գործարանին ուղղութեամբ։ «Յատկանշական է, որ ադրբեջանական կողմը թիրախաւորուած կրակ է վարել Երասխում օտարերկրեայ ներդրումների միջոցով կառուցուող մետալուրգիական (մետաղագործութեան) գործարանի ուղղութեամբ: Սրան նախորդել էին Ադրբեջանի կեղծ մեղադրանքները հայկական կողմի հասցէին վերոնշեալ գործարանի կառուցման վերաբերեալ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախորդիւ արդէն յայտնել էր, որ գործարանի կառուցումը լիովին համապատասխանում է իր միջազգային պարտաւորութիւններին, եւ որ Ադրբեջանի կեղծ անհանգստութիւնը պարզապէս նպատակ ունի խոչընդոտել Հայաստանի տնտեսական զարգացումը եւ օտարերկրեայ ներդրումները», կը շեշտէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Կառոյցը նաեւ կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ յստակ քայլերու ձեռնարկելու` «սահմանափակելու Ադրբեջանի ծաւալապաշտական նկրտումները եւ անհիմն, անտրամաբանական եւ կամայական պահանջներին ուժի եւ ուժի կիրառման սպառնալիքի միջոցով հասնելու անընդունելի քաղաքականութիւնը»: