Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեան 13 Յունիսին մասնակցեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի (ԱԳՆԽ) առցանց հանդիպման:
Իր խօսքին մէջ ան վերահաստատեց Հայաստանի դիրքորոշումը տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հարցին վերաբերող` Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային իրաւազօրութեան հիման վրայ:
Գէորգեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ատրպէյճանի թշնամական գործողութիւնները մեծապէս կը խոչընդոտեն Հայաստանի տնտեսական զարգացումը եւ տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութիւնը: Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին «միջանցք»ի ձեւով յղում կատարելը Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու դրսեւորում է, որ կը վտանգէ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը։
Գէորգեան հանդիպումին մասնակցողներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակուող շրջափակման եւ անոր ընկերային-տնտեսական հետեւանքներուն` ընդգծելով Ատրպէյճանի թշնամական գործողութիւնները եւ շրջափակման քաղաքականութիւնը, որոնց ընդմէջէն անիկա կը փորձէ հիւծել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, զայն զրկել գոյութեան միջոցներէն, իսկ այս բոլորը չեն կրնար հիմք դառնալ երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութեան համար: