«Կելըփ ինթերնէյշնըլ»ը կատարած է հարցախոյզ մը Հայաստանի 1100 քաղաքացիներու հետ։ Հարցախոյզին մասնակցած են հանրապետութեան բոլոր մարզերէն հայրենակիցներ, որոնց գրեթէ 82 տոկոսը բացասական գնահատած է՝ 86.600 քառ. քլմ. կազմող Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը (որ կը ներառէ Արցախը) ճանաչելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը։
«Ըստ ձեզի՝ կարելի՞ է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան գոյատեւումը Ատրպէյճանի կազմին մէջ՝ իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւն» հարցումին կտրականապէս բացասական պատասխան տուած է մասնակցողներուն 78 տոկոսը։
«Նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական եւ արտաքին մարտահրաւէրները, արդեօք անհրաժե՞շտ են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը» հարցումի պատասխաններէն ի յայտ եկած է, որ հարցախոյզին մասնակցողներուն շուրջ 60 տոկոսը անհրաժեշտ կը համարէ արտակարգ ընտրութիւնները եւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը։
Նաեւ, Փաշինեանի գործելաոճին համաձայն չէ հարցախոյզին մասնակցած հայրենակիցներուն 71 տոկոսը։