ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նոր նախագահի ընտրութեան, Չորեքշաբթի Յունիս 14ին։ Այս նիստը 12րդ նիստն է։ Նախորդ նիստերուն կարելի չէր եղած նոր նախագահի ընտրութիւն, սակայն այս նիստը կրնայ անկիւնադարձային ըլլալ։ 2022 Հոկտեմբեր 30էն ի վեր թափուր մնացող Լիբանանի հանրապետութեան աթոռի համար նոր եւ հետաքրքրաշարժ իրադարձութիւններ արձանագրուեցան անցնող շաբթուան ընթացքին, որուն լոյսին տակ, սահմանադրութեան համաձայն, խորհրդարանի նախագահը հրաւիրեց երեսփոխանները հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան։
Նախկին նախագահ զօր. Միշէլ Աունի պաշտօնավարութեան աւարտէն առաջ եւ անկէ ետք, երեսփոխան Միշէլ Մուաուատ միակ թեկնածուն էր, որ նախորդ նիստերու ընթացքին լաւագոյն պարագային ստացաւ 45 ձայն։ Այս նիստերը նաեւ յատկանշուեցան միակողմանի պոյքոթներով, ինչ որ ընտրութեան գործընթացը մատնեց անելի։ «Հըզպալլա» եւ «Ամալ» եւ իրենց համախոհները դէմ էին Մուաուատի թեկնածութեան եւ չունենալով այլընտրանք, չմասնակցելով նիստերուն, խափանեցին անոր ընտրութիւնը։ Միաժամանակ, վերոնշեալ զոյգ ուժերը, երկարատեւ բանակցութիւններէ եւ արտաքին ուժերէ կանաչ լոյս առնելով, առաջադրեցին նախկին նախարար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու ֆրանսացիք իրանեան կողմի հետ համաձայնած են անոր անուան շուրջ, իսկ Սէուտական Արաբիա յայտարարեց, թէ ոեւէ թեկնածուի դէմ վեթօ դնելու նպատակ չունի, թէեւ Ֆրենժիէ կը համարուի Սուրիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն թեկնածուն։
Քրիստոնեայ հիմնական երեք ուժերը դէմ են Ֆրենժիէի թեկնածութեան եւ ընտրութեան նիստերը պոյքոթելով կրնան ձախողութեան մատնել նախագահի ընտրութիւնը, որ հիմնականին մէջ մարոնի համայնքի աթոռ է։ Անոնք քաղաքական հակադրութիւն ունին Ֆրենժիէի հետ, սակայն նաեւ տարակարծիք էին իրարու միջեւ։ Քուլիսներու ետին տարուած բանակցութիւններէ ետք, քրիստոնեայ երեք ուժերը՝ «Ազգային Ազատ հոսանք»ը, «Լիբանանեան ուժեր»ը եւ «Փաղանգաւորներ»ը համաձայնեցան նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի անուան շուրջ եւ զայն ներկայացուցին իբրեւ նախագահութեան իրենց թեկնածուն։ Այս որոշումին զօրակցեցան քաղաքական որոշ ուժեր, որոնցմէ հիմնականը տիւրզիներու երեսփոխանական պլոքն է։ Ազուրի թեկնածութեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց նաեւ մարոնիներու պատրիարքը։
Պատմական ակնարկ մը նետելով, կարելի է ընդգծել, որ 1976էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի նախագահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի խորհրդարանին մէջ, երկու թեկնածուներու միջեւ։ Վերջին անգամ 1976ին, նախկին նախագահ Իլիաս Սարգիսի եւ երեսփոխան Ռէմոն Էտտէի միջեւ եղած էր ընտրութիւն։ Իսկ այդ թուականէն ետք, նախօրօք համաձայնութիւն գոյացած է (հիմնականին մէջ Ամերիկայի եւ Սուրիոյ միջեւ) եւ խորհրդարանի նիստին այդ համաձայնութիւնը քուէարկուած է։ Յունիս 14ի նիստը պիտի ըլլայ ընտրութեան նիստ։ Նիստի գումարման համար անհրաժեշտ է երեսփոխաններուն առնուազն երկու երրորդին ներկայութիւնը (86 երեսփոխան 128 վրայ), իսկ թեկնածուները առաջին քուէարկութեամբ ընտրուելու համար, նոյնպէս պէտք է ապահովեն երեսփոխաններու երկու երրորդին քուէները։ Առաջին հանգրուանին ոեւէ թեկնածու անհրաժեշտ քուէները չապահովելու պարագային, երկրորդ փուլին անհրաժեշտ է պարզ մեծամասնութեան քուէները (65 քուէ)։
Բոլոր հաշուարկները ցոյց կու տան, թէ թեկնածուներէն ոչ մէկը ի վիճակի է առաջին հանգրուանին ընտրուելու։ Ընտրութիւնը պիտի ըլլայ երկրորդ հանգրուանին։ Այստեղ հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ կողմերուն կեցուածքները, որոնք հիմնուած պիտի ըլլան առաջին փուլի քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ։ Ըստ աղբիւրներու Ֆրենժիէ լաւագոյն պարագային կրնայ 45 ձայն ապահովել, իսկ Ազուր լաւագոյն պարագային 65, իսկ յոռեգոյն պարագային՝ 55։ Եթէ այս թիւերը ճիշդ ըլլան, ապա երկրորդ փուլը, որ անխուսափելի է, կրնայ պոյքոթի ենթարկուիլ Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը պաշտպանողներուն կողմէ, ձախողութեան մատնելու համար Ազուրի ընտրութիւնը։ Եթէ Ազուր առաջին փուլին յաջողի հաւաքել 65 քուէ, ապա ան սահմանադրականօրէն ընտրուած չըլլալով հանդերձ պարտութեան մատնած պիտի ըլլայ շիիներու թեկնածուն։
Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, նախապէս Ֆրենժիէի թեկնածութեան շուրջ Ֆրանսայի եւ Իրանի միջեւ գոյացած էր համաձայնութիւն, սակայն վերջին օրերուն ֆրանսացիք ետդարձ կատարած են եւ ներկայիս կը զօրակցին Ազուրի թեկնածութեան։ Մինչդեռ Սէուտական Արաբիա, որ նախապէս ոչ մէկ թեկնածուի դէմ արգելք չունենալու մասին յայտարարած էր, բնականաբար անուղղակիօրէն կը զօրակցի Ազուրի թեկնածութեան եւ իր լծակներով կրնայ որոշ քուէներ ապահովել անոր ընտրութեան համար։ Իսկ ամէնէն ուշագրաւը Ամերիկայի կողմէ գրեթէ բացարձակ լռութիւն կայ։ Պարզամիտ պէտք է ըլլալ մտածելու, թէ անոնք անտարբեր են։
Չորեքշաբթի օրուան նիստը իր մէջ կը պարունակէ թէ՛ քաղաքական նոր հորիզոններ եւ թէ պատգամներ։ Առաջին հանգրուանի աւարտին, եթէ շիի երկակը հեռանայ խորհրդարանի դահլիճէն, Ազուրի ընտրութիւնը երկրորդ փուլով ձախողութեան մատնելու համար, ապա կը նշանակէ, թէ անոնք առհասարակ նախագահ եւ պետութիւն հասկացութիւնը աւելի ստորադաս կը համարեն իրենց կուսակցական-դաւանական շահերէն։ Ցաւով պէտք է արձանագրել, որ անոնք Ազուրի թեկնածութեան առաջադրումը մեկնաբանեցին իբրեւ սպառնալիք եւ իրենց հասկացութեամբ ժողովրդավարութիւնը իրենց թեկնածուի ընտրութեան մէջ կը կայանայ։ Իսկ եթէ նիստերը գումարուին սահմանադրականօրէն եւ Ժիհատ Ազուր ընտրուի հանրապետութեան նախագահ, ապա կը նշանակէ, թէ Լիբանան, գոնէ ներքին իմաստով, պիտի մատնուի անկայունութեան եւ յաւելեալ լարուածութեան։ Թէեւ պէտք է նշել, որ Ազուրի ընտրութիւնը արտաքին առումով կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ երկիրի դիմագիծին վրայ։
Այս բոլորին մէջ, կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններ կը նախատեսեն, որ ՀՅԴի երեսփոխանները առաջին հանգրուանի ընտրութեան ձեռնպահ մնան։ Իսկ երկրորդ հանգրուանի անոնց դիրքը կը մնայ անորոշ։
Ինչ ալ ըլլան Յունիս 14ի Լիբանանի խորհրդարանի նիստին արդիւնքը, Լիբանան հեռու է կայունացման հանգրուան թեւակոխելէ եւ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական տագնապները դեռ երկար ժամանակ պիտի յամենան։