Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու Ապահովութեան խորհուրդներու քարտուղարներու հերթական նիստին յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ իրավիճակը սրել ոչ միայն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին, այլ նաեւ Արցախի եւ Լաչինի միջանցքին մէջ:
Խօսելով տարածաշրջանին մէջ ապահովական մարտահրաւէրներուն մասին՝ Գրիգորեան ըսաւ, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ ուժ կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկման քաղաքականութիւնը եւ փորձ կը կատարէ ձախողութեան մատնել նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարումը: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի յարձակումը չճանչնալու փաստը եւ զայն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման գործընթաց չկատարելուն հետ կապելու փորձը՝ հիմնաւոր չէ:
Գրիգորեան կոչ ուղղեց իր գործընկերներոն՝ յստակ եւ հասցէական գնահատական տալու Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ արդիւնաւէտ քայլերու ձեռնարկելու, որպէսզի Արցախի մէջ ապրող 120 հազար հայերը չենթարկուին ցեղային զտումներու:
«Այս համատեքստում Հայաստանի համար առաջնահերթութիւն է մնում Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքների եւ անվտանգութեան ապահովման միջազգային մեխանիզմի (գործիքակազմի) ստեղծումը», կ՛ըսուի Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: