Ուրբաթ, 2 Յունիսի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսը իր շքախումբին եւ Մոնթրէալի գաղութին մէջ գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ՝ այցելեց Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան մանկամսուրը, ՀՕՄի Ծաղկոցը, Սարաֆեան նախակրթարանը եւ Բասդրմաճեան երկրորդական վարժարանը:
Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէն Լոռի Ապրաքեան վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց վեհափառին: Ապա վարժարանի աշակերտները գողտրիկ յայտագիր մը հրամցուցին ներկաներուն:
Յայտագիրի աւարտէն ետք, Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան բարի գալուստ մաղթեց հայրապետին՝ ըսելով. «Վեհափառ հայրապետը իր հովուապետական այցելութիւններուն ընթացքին, երբեք չի մոռնար այցելել Ազգային վարժարանները, որովհետեւ հայ ժողովուրդի հովուապետը կը հաւատայ Հայ դպրոցի կարեւորութեան եւ անոր առաքելութեան»:


Կաթողիկոսը ողջունեց Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտները. անոնց հետ եղաւ թէ՛ դասարանին եւ թէ բակին մէջ՝ յորդորելով հայերէն խօսիլ եւ հայօրէն ապրիլ: «Հայ դպրոցը պարզ շէնք չէ: Հայ դպրոցը ոգի է, մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց է: Մենք ա՛յս ոգիով կը սնանինք եւ կը շաղախուինք հայ դպրոցէն ներս, որպէսզի երբ մեծնանք՝ մեր ազգին ծառայենք: Հայ Դպրոցը Հայրենիք, Եկեղեցի եւ Ընտանիք է», շեշտեց վեհափառը։
Կաթողիկոսը գնահատեց հայ ծնողները, ուսուցիչները եւ բարերարները, որոնց գերագոյն զոհողութեամբ է, որ կը պահուի հայ դպրոցը:
Ապա, Արամ Ա. իր շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց »Հորիզոն« շաբաթաթերթի խմբագրատունը, ուր հիւրընկալուեցաւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի եւ անձնակազմին կողմէ:
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա.Ի ՀԵՏ
Նոյն օրը յետմիջօրէին, Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան եւ Ազգային վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցան Արամ Ա. վեհափառին հետ:
Հանդիպման ներկայ էին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան:
Հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը անդրադարձաւ գանատահայ սփիւռքին եւ զայն շրջապատող մարտահրաւէրներուն:
