Արցախի շուրջ վերջին զարգացումներու լոյսին ներքեւ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը կը վերահաստատէ իր ամբողջական եւ անսասան համոզմունքն ու աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքին։
Արցախը ատրպէյճանական տիրապետութեան ենթարկելու ցանկացած փորձ կը սպառնայ անոր բնիկ բնակչութեան «ցեղային մաքրագործում»ին, հակառակ այն իրողութեան, որ արցախցիները դարեր շարունակ Արցախը կոչած են իրենց տունը։
Արցախցիները, անոնց երազանքներն ու ձգտումները, մեզի համար առաջնահերթ են։ Մենք յաւերժ զօրակից ենք։
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ