Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն` 17 Մայիսին ատրպէյճանական կողմը կրակեց Սոթքի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքին ուղղութեամբ, որուն պատճառով զինուոր Էդգար Սուլէյմանեան վիրաւորուեցաւ: 2003ին ծնած զինուորը զոհուեցաւ հիւանդանոցի ճամբուն վրայ։
Ըստ նախարարութեան՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին նաեւ վիրաւոր զինուորը տեղափոխող շտապ օգնութեան ինքնաշարժին ուղղութեամբ, որուն պատճառով վիրաւորուեցաւ հիւանդապահը, որուն վիճակը կը գնահատուի բաւարար․ կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Ատրպէյճանական կողմը հերքեց հայկական կողմին հաղորդումը: «Հայկական զինուժի դիրքերը ռմբակոծելու մասին տեղեկութիւնը կեղծ է», նշուեցաւ ատրպէյճանական ռազմական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Սահմանային կրակոցները յաջորդեցին պրիւքսէլեան եռակողմանի բանակցութիւններուն, որոնց ընթացքին, ըստ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Հայաստանը եւ Ատրպէյճանի վերահաստատեցին իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու յանձնառութիւնը: