ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Երեքշաբթի, Մայիս 16ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մարոնի եկեղեցւոյ պետ, Ռայի պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչը՝ Փօլ Սայյահ արքեպիսկոպոսը։
Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցին վրայ։ Արքեպիսկոպոսը վեհափառ հայրապետին զեկուցեց անցնող շաբթուան ընթացքին Պքերքէին ունեցած խորհրդակցութիւնները յիշեալ հարցին գծով։ Որոշուեցաւ հայրապետին եւ պատրիարքին միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակել։