Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան 16 Մայիսին հանդիպում ունեցաւ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Խավիէր Քոլոմինայի հետ:
Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն հաղորդեցին, որ Գրիգորեան ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքներուն:
Ան նաեւ անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցային ընթացքի վերջին զարգացումներուն:
Զրուցակիցները նաեւ քննարկեցին Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութեան զարգացման վերաբերող հարցեր: