Երեքշաբթի, 2 Մայիսին, սկիզբ առաւ Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին կազմակերպած հալէպահայ համալսարանականներու երթեւեկի ծրագիրը:
Ծրագիրին նպատակն է՝ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ծանր պայմաններուն եւ սղաճին պատճառով յառաջացած երթեւեկի դժուարութիւնները յաղթահարել՝ ապահովելով հանրակառք մը Հալէպի պետական համալսարանի հայ ուսանողներուն համար:
Ծրագիրը մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ հալէպահայութեան կողմէ: Առաւել քան 250 ուսանողներ արձանագրուած են սոյն ծրագիրին եւ օրական շուրջ 130 ուսանողներ կ՛օգտագործեն հանրակառքը, որ կը շրջի ամէն օր բացի Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերէն, Հալէպի հայաշատ թաղամասերէն հասնելով պետական բոլոր համալսարաններու շրջանները:
Աւելցնենք, որ արձանագրութիւնները տակաւին կը շարունակուին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ: