– ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ 150,000 ՏՈԼԱՐԻ ՊԱՐԳԵՒԱՎՃԱՐՆԵՐ ԲԱՇԽԵՑ ՈՒՍՈՒՑԻՉ-ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՆԵՐՈՒ
– ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՏՈՒԿ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ
2023ը 850ամեակն է Հայ եկեղեցւոյ, ժողովուրդին, ազգի մշակութային կեանքին մէջ եզակի դերակատարութիւն ունեցած մեծ աստուածաբան եւ հռետոր, մեծ հոգեւորական եւ հովուապետ, մեծ ղեկավար եւ ուսուցիչ Ս. Ներսէս Շնորհալիի (1100-1173):
Արդարեւ, իր հաւատքի եզակի տեսակով, իր հայրապետի աչքառու նկարագիրով՝ իբրեւ նաեւ մտաւորական եւ երաժիշտ, Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին հոգեւոր ղեկավարի բարձր պաշտօնին հասած ամէնէն ընտրեալներէն՝ ընտրելագոյններուն մաս կը կազմէ Շնորհալին, շնորհիւ իր հոգեիմացական մեծ վաստակին եւ պերճ ստեղծագործութեան:
Մեկնելով այս իրականութենէն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ թեմի Ազգային Խառն ժողովին, Երեքշաբթի, 9 Մայիսի երեկոյեան, առաջնորդարանի հոգեւոր խնամքին տակ գործող 13 ազգային կրթարաններու (մանկամսուր-մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններ) հայերէնաւանդ ուսուցիչները՝ առաջնորդութեամբ իրենց տնօրէններուն եւ վարիչներուն, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ ներկայ եղան Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850ամեակին նուիրուած յատուկ ձեռնարկի մը, որուն ընդմէջէն մեծարուեցան հայագէտ հոգեւորականին ստեղծագործ շունչը եւ դաստիարակչական ոգին իրենց մէջ մարմնաւորող Ազգային վարժարաններու հայերէնաւանդ բոլոր ուսուցիչները:


Հանդիսութեան բացումը կատարեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Քնար Գորթոշեան, ապա սրտի խօսքերով յաջորդաբար հանդէս եկան Ազգային վարչութեան ատենադպիր եւ Խնամակալ մարմինին հետ կապ Ճորճ Չորպաճեան, Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան եւ գործավար Թամար Թիւֆէնքեան, ինչպէս նաեւ տնօրէն-ուսուցիչներ, որոնք արտայայտուեցան Ազգային վարժարաններու՝ մեր համայնքային կեանքին մէջ ունեցած այնքան կարեւոր դերակատարութեան մասին՝ շեշտելով, որ պարտաւոր ենք առաւելագոյն ուշադրութիւն դարձնել Ազգային վարժարաններու թէ՛ ընդարձակման, թէ՛ վերընձիւղման գործին մէջ, որովհետեւ բազմաթիւ մատղաշ աշակերտներ սպասման վիճակի մէջ են, որպէսզի կարենան իրենց դաստիարակութիւնը եւ հայեցի կրթութիւնը ստանան Ազգային վարժարաններու մէջ: Բոլոր խօսողները մասնաւորաբար շնորհաւորեցին առաջնորդ սրբազանին այն քաջ մտածումը, որ երկրորդ տարին ըլլալով կը համախմբէ Ազգային վարժարաններու հայերէնաւանդ նիւթերու բոլոր ուսուցիչները ազգի կեդրոնը՝ Ազգային առաջնորդարանի շնորհաշատ երդիքին տակ, այլեւ այս տարի, Շնորհալի մեծ հայրապետին վախճանման 850ամեակը առիթ առնելով՝ կը մեծարէ ուսուցիչներու բազմամակարդակ ծառայութիւնները, զորս անոնք կը բերեն վասն պայծառութեան Մեսրոպի տունը ու Շնորհալիի դպրանոցը՝ Ազգային վարժարաններու կեանքին մէջ, առ ի լուսաւորութիւն մեր մատղաշ սերունդներու իմացական եւ հոգեկան աշխարհներու:
Ձեռնարկը եզրափակեց Թորգոմ եպս. Տօնոյեան՝ դիտել տալով, որ այս համախմբումը կատարուած է յատուկ առիթով մը եւ թէ մեր ժողովուրդի, ազգի, ոգեղէն հայրենիքի եւ Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եզակի դերակատարութիւն ունեցող Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850ամեակը լաւագոյն խթան հանդիսացաւ, որ մենք մեր գնահատանքի ու յարգանքի նայուածքը անգամ մը եւս դարձնենք դէպի մեր ուսուցիչները, մեր կրթական կեդրոններու նուիրեալ դաստիարակները եւ մշակները, զանոնք հրաւիրելով Ազգային առաջնորդարան եւ պարտն ու պատշաճը կատարելով անոնց ծառայութիւններուն դիմաց:
Հուսկ, սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ խնդրելով, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին բարեխօսութիւնը անպակաս ըլլայ մեր ուսուցիչներու կեանքի եւ անոնց ընտանիքներուն վրայէն, մեր Ազգային վարժարաններու եւ բոլոր հայկական վարժարաններու վրայէն, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր այն նուիրեալներուն վրայէն, որոնց զօրակցութեամբ թէ՛ բարոյական, թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ մտաւոր թէ՛ նիւթական, ցայսօր արծարծ կը մնայ Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարապատ կայծը եւ Ներսէս Շնորհալիի ստեղծագործական կրակը: «Առաւելաբար այս իմաստով է, որ մենք ուզեցինք ձեր բոլորը հաւաքել այս սուրբ երդիքին ներքեւ եւ մեր ջերմախինդ գնահատանքը ցուցաբերել ձեր նուիրեալ ծառայութիւններուն նկատմամբ՝ յիշեցնելով, որ բոլորս ալ լծուած ենք նոյն առաքելութեան, ամէն մէկս տարբեր ձեւով ու հանգամանքով, բայց մեր բոլորին նպատակը մէկ ուղղութիւն է՝ հասնիլ մեր ժողովուրդի կարիքներուն եւ մեր նախնեաց հաւատքի ու մշակոյթի վառ երակը եռուն պահել մեր փոքր ածուի կեանքէն ներս», ըսաւ սրբազանը:


Յայտնենք, որ այս առիթով կազմակերպուած էր ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին ուսուցիչներ ու դաստիարակ-մշակներ դիմաւորուեցան մէկական ծաղիկով, եւ ձեռնարկի աւարտին անոնք հրաժեշտ տուին բաւարարութեան զգացումով եւ արձակուեցան պարգեւավճարներով. Մեծն Շնորհալիի 850ամեակին առիթով իւրաքանչիւր ուսուցիչ ստացաւ 850 տոլար վճարագիր-նուէր մը՝ առ ի գնահատանք իր առաքելութեան:
Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրական թելադրութեան ականջալուր՝ այս առիթով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը զօրակցական նոր ժեսթ մը կը կատարէ նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ Ազգային վարժարաններու ուսուցիչներուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ