ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ, Քալիֆորնիա.- 5 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 5։30-7, Սաքրամենթոյի «Մայաուէլ» ճաշարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական հայկական համախմբումի hիմնադրամին ի նպաստ ձեռնարկ մը։
Տեղեր ապահովելու եւ մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն համար դիմել Nataliby@Hotmail.com հասցէին կամ (916) 396-9738 թիւին:
Նշենք, որ օրէնսդրական սոյն համախմբումը կը ջատագովէ նահանգի հայութեան իրաւունքները, նոյն ժամանակ սերտացնելով Հայաստանի եւ Արցախի հետ նահանգին կապերը։