
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա 28 Ապրիլին այցելեց Ջերմուկ, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Էդուարդ Ասրեանի եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Անոր կ՛ընկերակցէր Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:
Քոլոնա շեշտեց, որ Ատրպէյճան պէտք է գործադրէ Լաչինի միջանցքով մարդոց եւ փոխադրամիջոցներու ազատ տեղաշարժը ապահովելու վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը` կարեւոր նկատելով այդ որոշումը յարգելը, որովհետեւ անիկա իրաւական իրականութիւն է, իսկ զայն չգործադրելը կը վտանգէ առանց այդ ալ անվստահութեան ներկայի մթնոլորտը:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յառաջխաղացքներուն՝ Քոլոնա ընդգծեց, որ Ֆրանսա կը դատապարտէ նման միակողմանի քայլերը: «Ֆրանսա դատապարտած է եւ կը դատապարտէ նման միակողմանի քայլեր: Մենք այդ մասին կը յայտարարենք հոն, նաեւ ըսինք երէկ` Պաքուի մէջ։ Կը դատապարտենք միակողմանի քայլերը, դատարանի որոշումը չգործադրելը», ըսաւ Քոլոնա:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած յատուկ հարցազրոյցի մը ընթացքին Քոլոնա Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը խոչընդոտելը անընդունելի նկատեց եւ Արցախի բնակչութեան համար յղի` տնտեսական եւ մարդասիրական ճգնաժամի լուրջ վտանգներով: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի այս գործելաոճը կը խոչընդոտէ նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղ բանակցութիւնները եւ լուրջ վտանգ է տարածաշրջանի կայունութեան համար, որուն վրայ արդէն իսկ խորապէս կ՛ազդեն ներկայի աշխարհաքաղաքական զարգացումները։ Քոլոնա մտահոգիչ նկատեց նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրելը:
«Ֆրանսայի փափաքն է, որ բոլոր վէճերը լուծուին բացառապէս բանակցային ուղիով: Ա՛յս է Ֆրանսայի յանձնառութեան հիմքը` Եւրոպական Միութեան կողքին: Եւ պատասխանատուութեան, բանակցութիւններու վերսկսման եւ օրէնքի յարգման այս կոչը լսելի դարձնելու համար է, որ ես այս շաբաթ կ՛այցելեմ Ատրպէյճան եւ Հայաստան», ըսաւ նախարարը՝ շեշտելով, որ Ֆրանսա պիտի աջակցի որեւէ լուծման, որ կարելիութիւն պիտի տայ երաշխաւորելու, որ Արցախի հայ բնակչութիւնը պիտի կարենայ շարունակել ապրիլ հոն ապահով ` պահպանելով իր պատմութիւնը, ժառանգութիւնը եւ մշակոյթը: Ան շեշտեց, որ պէտք է ստեղծուին բանակցութիւններու յարմար պայմաններ, որոնց մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի վերականգնումը։
Աւելի ուշ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Քոլոնա յայտնեց, թէ Ֆրանսա յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկխօսութիւնը տեղի կ՛ունենայ Քիշնեւի մէջ։ «Մեր նպատակն է կողմերուն միջեւ հանդիպումներ կազմակերպել նախարարական մակարդակով, հաւանաբար նաեւ աւելի բարձր, այդ գծով կ՛աշխատինք, եւ այս գործընթացն է, որ մեր կողմէ ջանքեր կը պահանջէ», յայտնեց ան։
Քոլոնա շեշտեց, որ կարեւոր է յարգանքը տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին նկատմամբ` այդ պարունակին մէջ մատնանշելով Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ յառաջխաղացքի անընդունելի ըլլալը: «Միջազգային իրաւունքը պէտք է յարգուի, առ այդ, մենք չենք կրնար ընդունիլ այն միակողմանի քայլերը, զորս կ՛առնուին Ատրպէյճանի կողմէ», յայտնեց Քոլոնա։

Ջերմուկ այցելութեան ընթացքին Ասրեան Քոլոնային ներկայացուց Սեպտեմբեր 2022ին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի գործած ռազմական յարձակումին հետեւանքները: Ան նշեց, որ 13-14 Սեպտեմբերին Ատրպէյճան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակած է 5 ուղղութիւններով, որոնցմէ երկուքը` Սիւնիքի մարզին մէջ, երկուքը` Գեղարքունիքի, մէկը` Վայոց Ձորի: Ան նաեւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց այն մասին, թէ ի՛նչ ռազմամթերք գործածած է Ատրպէյճան, նաեւ ռազմական, մարդկային, տնտեսական ու քաղաքացիական ի՛նչ վնասներ պատճառած է:
«Ներկայ պահին հակառակորդը մօտ 139 քառակուսի կիլոմետր տարածքում գտնւում է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքում», ըսաւ զօր. Ասրեան` աւելցնելով, որ մեծ վնասներ կրեցին նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, մասնաւորաբար ցարդ չի գործեր Ջերմուկի ճոպանուղին: Ան աւելցուց, որ Ջերմուկի ուղղութեամբ թշնամին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժած է առաւել քան 60 քառակուսի քիլոմեթր մակերեսով: Ներխուժումը ճակատով կը կազմէ շուրջ 11 քիլոմեթր, խորութեամբ` շուրջ 8:
Ընդհանուր հրամանատարը դիտել տուաւ, որ 2020ի 44օրեայ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու առաջին քայլերը սկսան 12 Մայիս 2021ին: «2021 թուականին նրանց գործողութիւնները նմանւում էին փափուկ ուժի կիրառմամբ խնդիրների կատարման: Իսկ 2022 թուականի Սեպտեմբերի 13-14ի գործողութիւնները ռազմական ագրեսիա (յարձակում) էին Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ»։
Ասրեան տեղւոյն վրայ Քոլոնային ցոյց տուաւ նաեւ, թէ Ջերմուկի ուղղութեամբ ուրկէ՛ կ՛անցնէր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը մինչեւ Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակումը եւ հիմա ո՛ւր տեղակայուած են Ատրպէյճանի զինուած ուժերը:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Քոլոնա ըսաւ նաեւ, որ տարածաշրջանային իրավիճակին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան միակ նպատակը խաղաղութեան եւ վստահութեան մթնոլորտի վերականգնելն է` շեշտելով, որ միայն խաղաղութեան համաձայնագիրը կարելիութիւն պիտի տայ իսկապէս լուծելու մնացած բոլոր հարցերը, որոնք կը բխին այս իրավիճակէն:
«Այդ պատճառով է, որ Եւրոպական Միութիւնը ուղարկեց դիտորդական առաքելութիւն մը, որ քաղաքացիական առաքելութիւն է, զինուած առաքելութիւն չէ: Անոր նպատակն է՝ տեղւոյն վրայ արձանագրել իրավիճակը, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն` ունենալ ուղիղ, առաջին աղբիւրէ վկայութիւններ տեղւոյն վիճակին մասին: Առաքելութիւնը, ըստ մեզի, շատ օգտակար է, եւ անոր աշխատանքին շնորհիւ է նաեւ, որ պիտի կարենանք յառաջ ընթանալ խաղաղութեան ճանապարհով, նաեւ այդ ներկայութիւնը կարելիութիւն կու տայ լարուածութիւնը մեղմացնելու», նշեց ան։
Քոլոնան ըսաւ, որ իրեն համար կարեւոր էր Ջերմուկ այցելելը, որպէսզի մէկ կողմէ աջակցութիւն յայտնէ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան, որ կարեւոր աշխատանք կը տանի, միւս կողմէ տեղւոյն վրայ սեփական աչքերով տեսնէ իրավիճակը: «Մենք իրավիճակին մասին, բնականաբար, կը տեղեկանանք փաստաթուղթերու հիման վրայ, սակայն տեղւոյն վրայ սեփական աչքերով տեսնելն ալ շատ կարեւոր է, եւ այս այցելութեամբ անգամ մը եւս կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բարեկամ հայ ժողովուրդին», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ տեսնելով յառաջխաղացքը այս նոր դիրքերուն վրայ, աւելի լաւ կ՛ըմբռնեն իրավիճակը։

Իր հերթին զօր. Ասրեան եւս բարձր գնահատեց Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան աշխատանքը Հայաստանի մէջ: «Այդ աշխատանքով Ադրբեջանի զինուած ուժերը իրենց առաւել զսպուած են զգում: Այնպէս որ շատ լաւ է ստացւում աշխատանքը Հայաստանի սահմանների երկայնքով», նշեց Ասրեան:
ՊԱՔՈՒ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՀԱՄԱՐԵՑ ՔՈԼՈՆԱՅԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Պաքու անընդունելի համարեց Քոլոնայի՝ Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւնները` Հայաստանի տարածքը ատրպէյճանական ներխուժման մասին:
Անոր պնդումները «անհիմն» որակելով` Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կը յայտէ, որ «հայկական կողմը տակաւին ամբողջութեամբ իր զինուած ուժերը դուրս չէ բերած Ատրպէյճանի տարածքէն, չէ դադրեցուցած Ատրպէյճանի 8 գիւղերու բռնագրաւումը»:
«Կողմնակալ մօտեցում դրսեւորելու փոխարէն աւելի օգտակար պիտի ըլլայ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանը խրախուսելը` կատարելու համաձայնագիրներէ բխող իր պարտաւորութիւնները եւ զսպելու Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի դէմ սադրանքներ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ԲԱՑՄԱՆ ԳԾՈՎ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Քոլոնայի՝ Ջերմուկ տուած այցելութեան ընթացքին անոր ընկերակցող Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ Ֆրանսա կրնայ օգտակար ըլլալ Հայաստանին թէ՛ երկրի ապահովական հարցերը լուծելու, թէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ:
«Ֆրանսիան միանշանակ բազմաթիւ հարցերում կարող է օգտակար լինել եւ օգնել Հայաստանին: Գիտէք, որ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւնը Հայաստան է ուղարկուել Պրահայում տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքներով, որում կարեւոր դերակատարում է ունեցել Ֆրանսիայի նախագահը: Ֆրանսիան շարունակում է ճանապարհներ փնտռել Հայաստանին օգնելու հարցում: Նաեւ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ` շարունակում է հետաքրքրուած մնալ ԼՂ հարցով: Գիտէք, որ Ֆրանսիայի արտաքին գործերի նախարարի հետ Հայաստան է ժամանել նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի ֆրանսիացի համանախագահը: Այս պահին մենք տեսնում ենք Ֆրանսիայի կողմից մեծ հետաքրքրութիւն, որպէսզի կարգաւորուի իրավիճակը Լաչինի միջանցքում», մանրամասնեց Գրիգորեան:
Ան աւելցուց, որ Հայաստան իր միջազգային գործընկերներուն հետ հետեւողական աշխատանք կը տանի, որպէսզի միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկուի Լաչինի միջանցքը եւ Լեռնային Ղարաբաղ` նշելով, որ այդ հարցը կը քննարկուի նաեւ Ֆրանսայի հետ եւ կ՛ակնկալեն, որ անոր աջակցութիւնը կը ստանան:
Ան նաեւ ըսաւ, որ Երեւան կ՛առաջարկէ ընդլայնել Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան կարողութիւնները, որովհետեւ ներկայ դիտորդներուն թիւը բաւարար չէ Հայաստանի` Ատրպէյճանի հետ միջազգային սահմաններուն դիտարկում կատարելու: «Մեր բոլոր գործընկերներին առաջարկում ենք, որպէսզի աւելացնեն թէ մարդկանց թուաքանակը, թէ նաեւ այլ կարողութիւններ, որպէսզի դիտորդները կարողանան աւելի պատշաճ դիտարկում իրականացնել», յայտնեց Գրիգորեան:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՉՆԵՐԳՐԱՒՈՒԻ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՆՈՐ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
«Լաչինի միջանցքում սահմանակէտեր դնելու վերաբերեալ ադրբեջանական կողմից հրապարակային պահանջներ կամ առաջարկներ, դժուար է տարբերակում անել, հնչել են, Երեւանը չի պատրաստւում ներգրաւուել այդ առաջարկների քննարկման մէջ», Քոլոնայի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:
Յայտնենք, որ Հայաստան տուած այցելութեան ծիրին մէջ Քոլոնա այցելեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը, ուր ծաղիկներ զետեղեց Արցախի պատերազմներուն զոհուած հայ զինուորներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ: