ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Քսանմէկերորդ դարու երրորդ տասնամեակին մէջն ենք, եւ մարդկութիւնը կը մտահոգէ պատերազմներու ուրուականը, ի տես սպառազինութիւններու յարաճուն աճին եւ կատարելագործման: Գիտնականները եւս այդ կը մտահոգէ, սակայն ի տարբերութիւն հասարակ մարդոց՝ անոնք ոչ միայն պատերազմներով մտահոգ են, այլ կը վախնան, որ մոլորակի գոյութեան կը սպառնան հաւանական երեք աղէտներ.
1- Համաշխարհային պատերազմը.
2- Կենսոլորտի տաքացումը.
3- Արհեստական բանականութեան անսահման զարգացումը:
Հին դարերէն սկսեալ մինչեւ քսաներորդ դարու վերջը, պատերազմները առաւելաբար կը մղուէին տնտեսական պատճառներէ թելադրուած. վաչկատուն ցեղերը կ՛արշաւէին աւելի հարուստ արօտավայրեր սեփականացնելու, օտարներու ունեցուածքը թալանելու համար. եւրոպական երկիրներ մէկը միւսին դէմ կը պատերազմէին՝ հասնելու համար իրենց տնտեսութեան համար անհրաժեշտ երկաթի, ածուխի, պղինձի եւ այլ թանկարժէք նիւթերու հանքերու: Համաշխարհային պատերազմներ մղուած էին նոյն պատճառներով. Անգլիան վախնալով գերմանական աճող տնտեսութենէն եւ զարգացող նաւատորմէն, զանոնք իր ծովային ճանապարհներուն վտանգ եւ սպառնալիք նկատեց: Գերմանիան պէտք է հասնէր Կովկասի նաւթահորերը, իր ռազմական մեքենան շարժուն պահելու համար, Ճափոնը պէտք է գրաւէր Մանչուրիան եւ Չինաստանէն մաս մը՝ իր աճող ճարտարարուեստին անհրաժեշտ ուժանիւթը ապահովելու համար:
Այս պատերազմները կը պատճառէին միլիոնաւոր զոհեր, սակայն այդ կորսուած կեանքերու գիները աւելի ցած կը դասուէին, քան՝ ձեռք բերուած կամ ակնկալուած հարստութիւնները:
Ներկայիս, պատերազմները, անցեալին հետ համեմատած՝ շատ քիչ զոհեր կը պատճառեն: Միայն ինքնաշարժի արկածներու պատճառով, անցեալ տարի, 1,300,000 անձեր մահացած են, մինչ պատերազմներու պատճառով երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, միջին հաշիւով՝ տարեկան 100,000 անձեր:
Այսօր, նոյն պատկերը չկայ: Միջուկային զէնքի գոյութեան պատճառով, բոլորովին անտրամաբանական է զայն ունեցող երկիրներուն համար իրարու դէմ պատերազմիլը, որովհետեւ ոչ մէկ օգուտ կայ կողմերուն համար զիրար կործանելէն. պահ մը նոյնիսկ եթէ զանց առնենք այդ զէնքի գոյութիւնը՝ ակներեւ է այն փաստը, որ ոչ մէկ մեծ պետութիւն օգուտ ունի միւս երկիրի տարածքին տիրանալէն, որովհետեւ այդտեղ գտնուող ոչ մէկ հանք կամ հարստութիւն եւ նոյնիսկ բոլոր ֆիզիքական հարստութիւնները միասին հաշուած, անհամեմատ աւելի քիչ արժէք ունին, քան այդ երկրին տիրանալու համար անհրաժեշտ պատերազմական ծախսերը: Չինաստան ի՞նչ օգուտ պիտի ունենայ Սիլիքոն Վելին գրաւելով, ժամանակակից հարստութիւնը որեւէ երկիրի, անոր ունեցած մտային կարողութիւնները եւ արհեստագիտական բանականութեան մակարդակն է, որ անհամեմատօրէն աւելի հարստութիւն ունի զայն ունեցող երկիրին համար: Ուրիշ ակնառու օրինակ՝ հակառակ Իսրայէլի՝ արաբներուն դէմ պատերազմներուն, անիկա անհամեմատօրէն յառաջընթաց արձանագրած եւ տնտեսապէս զարգացած է իրմէ շատ աւելի բնական հարստութիւններով օժտուած հակառակորդներէն: Հետեւաբար, Մեծերու միջեւ պատերազմները բացառուած են այլեւս, փոխարէնը այդ պատերազմները կը մղուին մեծերու դաշնակից փոքրերու կողմէ (proxy war): Ուրեմն, պատերազմները տարածքներու կամ հանքերու համար չեն, այլ՝ ազդեցութեան գօտիներու իւրացման, հաղորդակցութեան ճանապարհներու շրջապատման եւ հակառակորդի տնտեսութեան ջլատման:
Միջուկային զէնքի օգտագործման անհաւանականութիւնը ընդունելով հանդերձ պէտք չէ բացառել մարդկային սխալ մը, որովհետեւ մարդը կատարեալ չէ: 26 Սեպտեմբեր 1983ին, Սովետական բանակի բարձրաստիճան զինուորական Ստանիսլաւ Փեթրով կը նկատէ Ամերիկեան միջուկային հրթիռներու արձակման ազդանշան մը, որուն դէմ լիազօրուած էր քանի մը վայրկեանի մէջ հակադարձելու ազդանշանը տալու: Սակայն, բարեբախտաբար արագ կողմնորոշուելով՝ կը հասկնայ, որ սխալի մը արդիւնք էր տուեալ ազդանշանը, այդպիսով մոլորակը փրկելով ստոյգ կործանումէ:
Գալով մեր տարածաշրջանին եւ առաջնորդուելով վերեւը նշուած տրամաբանութենէն, մեր տարածքները մասնաւորաբար Արցախի եւ Սիւնիքին տիրելու թրքական եւ Ատրպէյճանի եւ միւսներուն ձգտումները ոչ այնքան այդտեղ գտնուող հարստութեան համար է, այլ անոր ճանապարհային կարեւորութեան: Անոնք մէկ կողմէ թրքական պետութիւններուն համար իրար միանալու եւ այդպիսով Թուրանի կայսրութիւնը ստեղծելու համար է, միւս կողմէ անոր դէմ են առաջին հերթին Իրան, ապա Հնդկաստան, որովհետեւ Սիւնիքի կորուստով իրենց՝ դէպի Եւրոպա ապահով եւ կարճ ճանապարհը կ՛արգելափակուի:
Սիւնիքի կորուստին դէմ պէտք է ըլլայ նաեւ Ռուսիա, սակայն անիկա միայն մասամբ դէմ է, նկատի ունենալով անոր անշահագրգռութիւնը Իրանի՝ դէպի Սեւ Ծով առանց իր վերահսկողութեան անցքին: Հետեւաբար, մինչեւ վերջ անիկա պիտի ձգտի Սիւնիքը խաղաթուղթի վերածել՝ իր այնտեղ հաստատուիլը արդարացնելու համար:
Միւս շահագրգիռ կողմերն են՝ Ամերիկան եւ Եւրոպան, որոնց համար նոյն այդ անցքը խաղաթուղթ է իրենց այդտեղ ներկայութեան համար եւ բոլորովին իրենց շահերուն համապատասխան չէ Թուրանի մը ստեղծումը: Այդ արդէն կ՛երեւայ իրենց ներկայ քաղաքականութեան մէջ:
Մեր քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ պահպանել բոլոր մեծ պետութիւններուն հետ, յարմար առիթին աւելի գործօն եւ որոշիչ քաղաքականութիւն վարելու համար, սակայն մինչ այդ պատրաստուիլ ամէն ոլորտներուն մէջ:
Երկրորդը կենսոլորտի տաքացման վտանգն է, որուն դէմ պայքարը շատ աւելի դժուար է, որովհետեւ այդ պայքարը կ՛ենթադրէ բոլոր մեծ պետութիւններու հասարակ յայտարարի գալ եւ միասնական միջոցառումներու եւ քայլերու դիմելու անհրաժեշտութիւնը, հրաժարելու երկիր մոլորակը կեղտոտող արտանետումներէ եւ անցում կատարելու այլընտրանքային աղբիւրներու օգտագործման, նաեւ՝ յետամնաց եւ աղքատ երկիրներուն օգնելու եւ զարգացնելու դժուար յանձնառութեան ընդունման: Նոյն ժամանակ, մարդկութեան անհրաժեշտ է շրջապատը մաքուր պահելու բարձր գիտակցութեան հասնիլ: Ինչպէս կը տեսնենք՝ այս միջոցառումները կ՛ենթադրեն քարիւղով եւ կազով հարուստ երկիրներու զսպումը եւ հրաժարիլը իրենց հարստութեան օգտագործումէն, որոնք դիւրին իրագործելի չեն, նկատի ունենալով պետութիւններու անյագ մրցակցութիւնը:
Երրորդ վտանգը, որուն մասին քիչ խօսուած է, արհեստական բանականութեան օրըստօրէ զարգացումն է: Ըստ գիտնականներու՝ անիկա մօտիկ ապագային կրնայ հասնիլ այնպիսի մակարդակի, որ զարգացած երկիրները անոր տիրապետելով, մնացեալ մարդկութեան նոր տեսակի գաղութացման պիտի առաջնորդեն (technological colonization), այսինքն՝ զարգացած երկիրները պիտի վերջնականապէս տիրեն մարդկութեան, մինչ աշխատատեղերը շատ պիտի կրճատուին: Ճիշդ է որ նոր տեսակի աշխատատեղեր կը գոյանան, սակայն, որքա՛ն մարդ պիտի կարենայ ատակ ըլլալ նոր եւ գիտական բարձր հմտութիւններ պահանջող աշխատանքներու:
Տեսակէտ մը բացատրելու համար սովորութիւն է չափազանցութիւններու երթալ: Պատկերացնենք, որ զարգացած երկիրներու մէջ գիտնականները գտան մարդկային ուղեղը աւելի խելացի դարձնելու գաղտնիքը (upgrading the capacity) եւ զայն պահեցին միայն որոշ մարդոց հասու, կը պատկերացնէ՞ք, թէ ինչ վիճակի մէջ կը յայտնուի մնացեալ մարդկութիւնը:
Վերադառնալով մեզի՝ մենք պարտաւոր ենք առաւելագոյն ուշադրութիւնը դարձնել գիտութեան եւ զարգացման ու անպայման գերազանցել մենք մեզ: Իսկ ինչ կը վերաբերի վերեւը յիշուած վտանգներու հաւանականութեան, որոնք կրնան կործանել մարդկութիւնը եւ երկիր մոլորակը, մէջբերենք Ալպըրթ Այնըշթայնի արտայայտած խօսքը.
«Երկու բաներ անսահման են. անջրպետը եւ մարդկային յիմարութիւնը»: