Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Քիչ դժբախտութիւններ կան աշխարհի մէջ զորս դուք չէք կրնար վերածել անձնական յաղթանակի, եթէ չունիք երկաթեայ կամք եւ ձեռնհասութիւն»:
Նելսըն Մանտելա

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑը բազմաբնոյթ է միջազգային մրցակցութիւններու շփման ճամբուն վրայ, այս պատճառով ալ հայ քաղաքական միտքը ստիպուած է նաւարկել յարափոփոխ հոսանքներու մէջ, որոնց դէմ դնելու համար Սփիւռք(ներ)ը իր կարողականութիւնը չէ զարգացուցած եւ եղածն ալ պատշաճ ձեւով չ՛օգտագործեր: Այս ինքնաքննադատութիւնը չենք ըներ: Քաղքենիացումը եւ զիջումներու գծով պատշաճեցումները կը վկայեն կամքի եւ ձեռնհասութեան պակասի մասին, որուն պատճառով հայ քաղաքական կեանքը եւ ընդհանրապէս ընկերութիւնը ցանցուած կը մնան սնապարծութիւններու եւ կարեւոր-անկարեւոր բոլոր մակարդակներու ձեռնածութիւններու խաղին մէջ (միշտ քննադատուող եւ միշտ ներկայ «մանիպուլացիա»ները): Այս չի նշանակեր, որ ձեռնհասութեան պակաս կայ, բայց երբ ձեռնհասութիւնները ըստ արժանւոյն չեն օգտագործուիր՝ ապարդիւն ըլլալու դատապարտուած մրցակցութիւններու եւ ամուլ ու ամլացնող դիրքապաշտութիւններու պատճառով, տարաբնոյթ պառակտումները կ՛ըլլան եզրակացութիւն:
Եթէ չըլլայինք սփիւռքներ, յոգնակի, մեր սփիւռքացումէն դար մը ետք դարձած ըլլայինք Սփիւռք, ըլլայինք ՄԷԿ՝ չէինք ըլլար այս կամ այն ուժին լրացուցիչը: Ունեցանք խորհրդային բանակի զօրավարներ եւ մարաջախտ, ունեցանք Խորհրդային Միութեան ականաւոր ղեկավարներ, ինչպէս Անաստաս Միկոյեանը, Բ. Աշխարհամարտին, ինչպէս կ՛ըսուի «հայրենական» պատերազմին ունեցանք «հերոսներ», մեծանուն գիտնականներ, բայց անոնք «Հայկական Հարց»ը քաղաքական հիմնահարց չդարձուցին, չուզեցին կամ չկրցան դարձնել:
Եթէ Սփիւռքը ինքզինք բանտարկած չըլլար առաւել կամ նուազ »երախտապարտ համայնքներ«ու վիճակին մէջ, ինքզինք տեսած ըլլար որպէս իրաւազրկուած ժողովուրդի ամբողջութիւն, ունենար ամբողջի ղեկավարում եւ ըստ այնմ յառաջացնէր չկոտորակուած կազմակերպութիւն, յաղթահարէր հայրենահանուած գաղթականի բարդոյթը, ապա «Հայկական Հարցը» չէր բանտարկեր գութի արտայայայութիւններու մէջ, զանոնք չէր համարեր բալասան իր աղէտին եւ պարտութիւններուն: Բաւարար չափով չենք վերլուծած եւ դասեր չենք քաղած ներգաղթի ձախողութենէն, աղէտ-արտագաղթէն եւ հայրենադարձութիւնը ազգային-քաղաքական օրակարգ դարձնելու մեր անկարողութենէն: Եթէ այս հարցերը ըստ արժանւոյն, պատասխանատուութեամբ եւ առանց արդարացման ճապկումներու վերլուծած ըլլայինք եւ յանգած եզրակացութիւններու եւ ըստ այնմ՝ ուղղութիւններ որդեգրելու, այսօրուան փակուղիին մէջ չէինք գտնուեր:
Մի՛շտ պէտք է մտածել մեր թմբկահարուած Ցեղասպանութեան ճանաչումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին, որոնք, ինչ կը վերաբերի «Հայկական Հարց»ին, սուտ դեղահատ »փլասեպօ« են, ո՛չ իրաւունքի վերականգնում, ո՛չ հատուցում, ո՛չ ոճիրի դատապարտութիւն եւ պատիժ:
Յաճախ կը յիշեմ երէց սերունդէն ազգայինի մը քաղաքական եզրակացութիւնը, այն օրը, երբ Ֆրանսայի Ազգային ժողովը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը իբրեւ այդպիսին քուէարկեց: Ան ըսաւ. «Ֆրանսահայութիւնը հասաւ իր նպատակին»: Այդ է եզրակացութիւնը բոլոր այն վայրերու պարագային, ուր «Ցեղասպանութիւնը ճանչցուեցաւ»: Ճանաչումները ո՛չ մեզի համար, ոչ ալ ճանչցողին, չունեցան քաղաքական ԻՐԱՒ իմաստ:
Բ. Համաշխարհայինի աւարտէն ի վեր, Գերմանիան անդադար կը շարունակէ հատուցում ընել ցեղասպանութեան, ողջակիզման զոհերու յաջորդներուն: Միթէ՞ կայ երկու տեսակ ցեղասպանութիւն, որոնցմէ մին արժանի ըլլայ հատուցման: Այս ըսի՞նք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն, որպէսզի պահանջեն, որ ցեղասպանը հատուցում ընէ՝ Գերմանիոյ օրինակով:
Եթէ Սփիւռքը անջատ համայնքներու պատկեր չըլլար, այլ ըլլար կազմակերպուած մէկութիւն, չըլլար առանց խմբավարի աղմկարար երգչախումբ, Ցեղասպանութեան ճանաչումները դատարկ մխիթարական եւ երեւելիութիւններու ծառայող պարգեւներ չէին ըլլար: Եթէ Սփիւռքը կազմակերպուած ուժ ըլլար իր համրանքի միլիոններով, իր տնտեսական, իմացական եւ մշակութային յաջողութիւններուն կռթնած, կրնար պահանջել, որ ճանաչումները ունենային այլ որակ եւ տարողութիւն, որպէսզի անոր անունով ըսուէր՝ յետոյ ի՞նչ:
Ցեղասպանութեան ճանաչումները չեն խօսիր տեղահանութիւններու մասին, այդ մասին խօսիլ պիտի նշանակէր խօսիլ բնիկ ժողովուրդի հայրենահանման մասին, հետեւաբար՝ այդ ժողովուրդի իր հայրենիքի տիրութիւնը վերականգնելու մասին: Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Միացեալ Նահանգները կրնա՞յ մոռցած ըլլալ, որ իր նախագահը պատասխանատուութիւն ստանձնած էր Խաղաղութեան վեհաժողովին կողմէ Հայաստանի սահմանները գծելու, գծած էր այդ սահմանները, բայց Միացեալ Նահանգները տէր չէր կանգնած իր նախագահի որոշման: Այսօր, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը ճանչնայ, որ հայութիւնը ենթարկուած է ցեղասպանութեան, չի խօսիր այն մասին, թէ ինչպէ՞ս, ո՞ւր եւ որո՞նց կողմէ ենթարկուած է ցեղասպանութեան: Ի հարկէ իմաստուններ պիտի ըսեն, որ այդ լռելեայն հասկնալի է, բայց ան չ՛ըսեր, որ իմ նախորդս վճիռ կայացուցած էր եւ իմ պետութիւնս տէր չէր եղած այդ վճիռին: Միթէ Միացեալ Նահանգները անբովանդակ ճանաչումէն աւելիին պարտաւորութիւն չունի՞ հայ ժողովուրդին հանդէպ՝ որպէս արդարութիւն: Այս յիշեցումը մենք կ՛ընե՞նք, թէ կը գոհանանք Վարդանանց պատերազմէն ի վեր մեզի համար սովորութիւն դարձած բարոյական յաղթանակով:
Մի՛շտ մտածել մխիթարական placebo-ի մասին:
Եթէ Սփիւռքը ուժ ըլլար…
Ի՞նչ պէտք է ըմբռնել այդ ուժով, ինչպէ՞ս ստեղծել այդ ուժը:
Նախ պէտք է յստակ գաղափար մը ունենալ ՍՓԻՒՌՔ կոչուած տեսական ամբողջի համրանքին եւ անոր տեղաբաշխման մասին, ապա՝ անոր հնարաւոր միաւորման: Ի հարկէ հոգիով եւ միտքով գաղութացուած (colonise) եղածներ պիտի ըսեն, որ այդ մէկը անկարելի է, այս անգամ՝ չանհագստացնող ինքնացեղասպանութիւն գործելով: Այս աշխատանքը շաբաթավերջին արտասանուած միամտացածներ յուզող զգացական ճառ չէ: Պատահեցաւ, որ կարգ մը տեղեր, քաղաք կամ արուարձան, հասցէարաններ կազմուին: Այս աշխատանքը այսօր պէտք է վերսկսիլ եւ աւարտին հասցնել, որպէսզի մօտաւոր ճշգրտութեամբ գիտնանք, թէ այս կամ այն քաղաքին կամ երկրին մէջ քանի՞ ՀԱՅԵՐ կ՛ապրին, ի՞նչ է հայրենահանուածներու եւ ցեղասպանուածներու թուական-մարդկային կարողականութիւնը, ապա, հետեւողական կերպով զանոնք մասնակցութեան հրաւիրել, ո՛չ միայն բարեսիրական օրակարգով, այլ ազգային օրակարգերու հանդէպ յանձնառութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
Այս ընելու համար, աւանդական բազմաճիւղ ղեկավարումները պէտք է յաղթահարել, ստեղծելով հակա»ըսթէպլիշմընթ«ային առաջնորդութիւն: Այս ձեւով կը ստեղծուի ուժական ղեկավարում, որ վստահութիւն ներշնչելով կը յառաջացնէ համախմբում: Բայց ո՞ր հեղինակութիւնը պիտի ըլլայ նախաձեռնողը, որպէսզի գերանացում կատարուի: Բազմապատկուած եւ հիմա արդէն բազմապատկուող կուսակցութիւնները աւանդաբար իրենք իրենց շնորհած են հեղինակութեան իրաւունք, եւ՝ հոն կանգնած են:
Հանրային կարծիքը, իր կարգին, դէպքերու ճնշման տակ, անատակ դարձած է մէկ ուղղութեամբ նայելու եւ առաջնորդ տեսնելու: Այս հարցը ժողովրդավարական քուէարկութեամբ լուծելի չէ: Անցեալին կը լսէինք հոգեւոր պետերը: Ճիշդ կամ սխալ վերաբերումներով, նաեւ Հոգեւոր Պետերը ներքաշուած են ասէկոսէներու ցանցին մէջ: Յայտնատեսական հրաշք պահու մը պէտք է ծնունդ տալ հեղինակութեան, բանիմաց եւ անշահախնդիր առաջնորդութեան: Թող ներուի կրկին խօսիլ մտաւորականութեան լուսաբանող դերին մասին, որ պարտի ճամբացոյց ըլլալ: Հայ ժողովուրդը կարողականութիւն (պոտենցեալ) ունի իր մէջ գտնելու՝ Հանրապետութիւն եւ Սփիւռք, ցանկալի եւ անվիճելի հեղինակութիւնը, ենթակայութիւններէ հեռու բայց յանձնառու, ճառագայթող անձնաւորութիւն(ներ): Միշտ զարմացած եմ, որ ինչո՞ւ մեր ակադեմիկոսները, տարբեր երկինքներու տակ յաջողութիւններ արձանագրած եւ առաջնորդելու փաստը տուած դէմքեր բացակայ են քաղաքական դաշտէն, որ կարծէք վերապահուած է պատեհապաշտներու, հանրութեան վրայ ազդող ամբոխավարներու, պոպուլիստներու (ամբոխավար):
Եթէ յայտնուի, եթէ յայտնաբերենք հազուագիւտ մարգարիտը, ինչպէս կ՛ըսէ ֆրանսացին՝ »la perle rare«, զայն պէտք չէ ներքաշենք մեր աւանդական գերադասական-ստորադասական խաղին մէջ, ի հարկէ եթէ ունենանք կենսական ողջախոհութիւնը, որ պէտք է թելադրէ միասին ըլլալ՝ եսերը մոռնալով եւ համախմբուելով:
Հայ մտաւորականութիւնը արժէքներու համակարգի թելադրութեամբ պէտք է խօսի հեղինակութիւններու մասին, տնտեսութեան, պատմութեան, քաղաքականութեան, բանակի եւ մշակոյթի եւ գիտութեան:
Առաջնորդը պիտի ըլլայ կարողութիւններու մարգարիտները իրարու միացնող շղթան, որպէսզի անոնք դառնան մանեակ, բարի կամեցողութիւնները վերածելու համար հաւաքական ազգաշէն կամքի:
Այս ներհայկական յեղափոխութեան իրականացման համար, մտաւորականութեան վերապահուած է հիմնարար դեր: Ան հանրային կարծիքը պէտք է առաջնորդէ՝ զայն դաստիարակելով այնպէս, որ իւրաքանչիւր հայ, ո՛ւր գտնուի, ի՛նչ դիրքի վրայ ալ գտնուի, առաջնորդուի անկլօ-սաքսոն յաջողութեան առաջնորդող գործնապաշտութեամբ. ճիշդ մարդը՝ ճիշդ գործին, ճիշդ պահուն… the right man in the right place, at the right time: Որ կը նշանակէ՝ գերձայնային օդանաւի ղեկի ետին չնստեցնել այլապէս յարգելի՝ »տաքսու« վարորդը: Այլ խօսքով, յաջողելու համար ձեռնհասութիւն պէտք է, այսինքն՝ քայլ մը անդին երթալ սիրողականութենէ (amateurisme), ունենալ անկոտրում կամք եւ՝ Ես ու Պորտ դիտելու սովորական ինքնահիացումը գերանցող հեռանկար:
Եթէ Սփիւռքը դադրէր սփիւռքներ ըլլալէ… ինքզինք որպէս համայնքներ բազմապատկելէ, մանրուելէ…
Արդէն դար անցած է մեր հայրենահանումէն, որուն մասին չենք խօսիր, կը նախընտրենք խօսիլ Ցեղասպանութեան մասին: Հայրենահանումը քաղաքական հարց է, եւ զայն իբրեւ այդպիսին չընդունեցինք մենք եւ չներկայացուցինք մեր պահանջներուն մէջ: Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջներուն չընկերացուցինք հայրենահանման սրբագրութիւնը, չըսինք, որ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար, հետեւաբար ժողովուրդի մը իր հողին տէրը ըլլալու եւ մնալու իրաւունքն է առաջնահերթ, ինչ որ չըսինք, ինչ որ չըսին »ճանաչումներ«ը, որոնք դատարկ են առանց հողային հիմնահարցի եւ իրաւունքի ճանաչման:
Սփիւռքը չխօսելով հայրենահանուած եւ հայրենազրկուած զանգուածներու անունով, ապաքաղաքականացաւ, հայրենահանուածներու եւ ցեղասպանուածներու իրաւատէր յաջորդները չկազմակերպուեցան իբրեւ ներկայացուցչութիւն եւ չեղան քաղաքական ազդակ:
Այսօր հարկ է ծայրէն սկսիլ, հայրենահանուածները եւ անոնց իրաւայաջորդները ցուցակագրել, անոնց անունով խօսող իրաւական ներկայացուցչութիւն ստեղծել՝ դասական եւ անուանական «ըսթէպլիշմընթ»ներէն տարբեր, օգտագործելով իրաւական բոլոր լծակները, միջազգային բոլոր համաձայնութիւնները, առանց սիրողականութեան: Այս ընելու համար, այդ Ներկայացուցչութեան պէտք է տրամադրել միջոցներ, օրինակ՝ ստեղծելով հայրենահանուածներու եւ ցեղասպանուածներու յաջորդներու կայացուցչութեան հիմնադրամ, որուն մասնակցելու կը հրաւիրուին հայրենահանուածներու եւ ցեղասպանուածներու յաջորդները, ո՛չ բարեսիրութեան եղանակով, այլ՝ եկամտհարկի, ինչպէս քաղաքացիները: Ի հարկէ, այս միտքը եւ նախաձեռնութիւնները առաւել կամ նուազ թաղային հեղինակութիւններու ըմբռնումներէն եւ իրենք զիրենք կրկնող մրցակութիւններէն հեռու պէտք է պահել, անոնց հետ չշփոթել:
Այս պէտք է ոչ միայն մտածել, անձնատուր ըլլալով բազմերանգ վերլուծումներու, այլ սկսիլ այսօ՛ր, խօսելով զանգուածներուն, նոյնիսկ ընդարմացածներուն, հեռու եւ մօտ եղողներուն:
Ինչո՞ւ մարդահամարի չձեռնարկել՝ հայրենահանուածներու, ցեղասպանուածներու եւ անոնց ժառանգներուն անուններով եւ հասցէներով, ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼ անոնց անունով:
Այս կ՛ըլլայ ժառանգներու եւ յետնորդներու իրաւատիրական ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՃՇՄԱՐԻՏ ԳՈՐԾ, կ՛ունենայ ընթացիկ հայրենասիրութենէ, բարեսիրութենէ եւ զգացական «տուրիզմ»է տարբեր որակ:
Ինչո՞ւ հարազատ, բանիմաց, յանձնառու եւ կողմնապաշտութիւններու տուրք չտուող մտաւորականութիւնը հանրային կարծիքը լճացումներէ դուրս բերելու լուսաւոր միտքով պիտի չխօսի քաղաքականապէս եւ բարոյապէս իրաւատէր ժողովուրդին, հասնելով իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, առանց մեղանչելու հրէի եւ հեթանոսի տաբերութիւններ նկատի ունենալու:
Կ՛ուզե՞նք իրապէս վերականգնիլ եւ նուաճել շարունակութիւն ըլլալու իրաւունք, որ շաբաթավերջի բեմական թութակաբանութիւններէն տարբեր է:
Ունենալ ԸԼԼԱԼՈՒ ԿԱՄՔ, այլապէս, ինչպէս եղած է միշտ, պատմութեան Վճիռը կ՛ըլլայ անողոք, եւ աւաղող ալ չի մնար:
Պատմութեան Վճիռը կ՛ըլլայ անողոք, եւ աւաղող ալ չի մնար:
Յաջողելու համար անհրաժեշտ է կատարել ներազգային յեղափոխութիւն մը՝ մենք մեզ անսեթեւեթ կերպով վերականգնելով մեր պատմութեան եւ մշակոյթին մէջ, որ նաեւ լեզո՛ւ է եւ ինքնութիւն, չըլլալու համար համաշխարհային ստապատիր ստորոգելիով ամէն ամանի յարմարած ամբոխ, որ կը դադրի ինքնուրոյնութիւն ունեցող Թորգոմի Տուն ըլլալէ:
Ազգային մտաւորականութիւնը պէտք է խօսի ժողովուրդին, մանաւանդ անոնց՝ որոնք դեռ չեն դարձուցած իրենց գոյութենական էջը, չեն այլացած, միայն ծագումով հայեր չեն:
Կրկնեմ մեծ բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկոյի խօսքը. «Կարմիր գլխարկ դրի հին բառարանին»: Ուստի՝ մեր ինքնաբաւութիւններուն եւ մեզի տրուած մխիթարական պատգամներուն, placebo-ներուն, կարմիր գլխարկ դնել, որպէսզի մնանք եւ չանհետանանք:
Եթէ ՍՓԻՒՌՔները չգոհանային եւ չգոհանան «թղթէ կապարճներով» բոկոտն քալել միջազգային մրցուղիներու վրայ…
Դեռ պէտք է խօսիլ հոգեւորի, հեղինակութեան, գաղափարականի եւ ընդհանուր բնորոշումով ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ, նաեւ հեղինակութեան աւերման մասին, երբ գլխիվայր կը շրջուին արժէքային համակարգ, բնութեան կարգ, զեղծուած ազատութիւններու եւ ապիկարութիւններու կոյտին վրայ թառած: Միթէ՞ պարզ չէ, որ եկեղեցին քարերով եւ աղիւսով հիւսուած չորս պատերով շինութիւն մը չէ, այլ՝ խորհուրդ մը, որուն մէջ մարդիկ իրենք զիրենք եւ իրենց լինելութիւնը փորձած են սեւեռել:
Նոյնպէս՝ Գաղափարական մը բառերու շարք մը չէ՛, ան մեր ընթացիկէն տարբեր հորիզոնի վրայ կը բացուի, կ՛իմաստաւորէ անցեալը, ներկան եւ գալիքը: «Այսօր ըսել վասն կրօնի եւ հայրենեաց» եւ ըստ այնմ գործել դատարկ կը հնչէ, քանի որ ԽՈՐՀՈՒՐԴի աւեր գործուած է: Նոյն արտայայտութեան հետքով, յարգելին դատարկած ենք իր յարգելիութենէն: Հեղինակութիւն եւ սրբութիւններ անտեսելով եւ արհամարհելով՝ խորհած ենք »հաւասարութիւն« նուաճել: Այլեւս չենք ընդվզիր, երբ կրօնական, քաղաքական եւ մշակոյթի աւագները կը կոչենք իրենց աւազանի անուններով կամ մակդիրներով, ինչպէս կ՛ընենք մեր խաղընկերներուն հետ: Մի ոմն նորահարուստ կին, ինքնիրեն կը թոյլատրէ Հոգեւոր առաջնորդին հետ խօսիլ »դուն« ըսելով, կարծես քսակը իր գլխուն թագ դրած ըլլար:
Դար անցած է Ցեղասպանութենէն եւ հայրենահանումէն:
Եթէ ուշ չէ՝ հարկ է տեսնել, արժեւորել հեղինակութիւն եւ սրբութիւն-գաղափարական սկզբունքներ, անոնցմով միութիւն եւ ուժ ստեղծել եւ վերականգնիլ իբրեւ ինքնութիւն ունեցող ու իրաւատէր ազգ, առանց այլասերած եւ անինքնութիւն »սփիւռքներ« ըլլալու, որ ինքնահաստատում կը փնտռէ՝ «ըսթէպլիշմընթ»ային պառակտումներով ինքզինք բազմապատկելով:
Ինչո՞ւ չյաղթահարել «թաղային փառասիրութիւնները» եւ ծնունդ տալ «Հայ Մովսէս»ին, «Հայ Կանտի»ին, «Հայ Մանտելա»ին, որպէսզի չըլլանք յաւերժի գաղթականութիւն:
Որպէսզի չըլլանք յաւերժի գաղթականութիւն:
Անոնք երկինքէն պիտի չիջնեն, մեր մէջ են: