Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններուն ուղեկցող քաղաքական առճակատման խորացման զուգահեռ՝ երկիրը կը մտնէ պատմական կարեւոր շրջան, որ կրնայ զգալի հետեւանքներ ունենալ ինչպէս աշխարհիկ ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ երկրի ներքին բարեշրջման, այնպէս ալ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու համար:
Գործող արտաքին գործոց նախարար, չափաւոր իսլամիստ Ապտալլա Կիւլի առաջադրումը նախագահութեան թեկնածու, փաստօրէն, մերժուեցաւ Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանին կողմէ, իսկ Նոյեմբերին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղափոխուեցան Յուլիս, որով քաղաքական փակուղիէն դուրս գալու փորձ կը կատարուի: Սակայն, այդ քայլերը հազիւ թէ չէզոքացնեն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի եւ զինուած ուժերու միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք կը համարէ երկրի աշխարհիկ կարգերու պահապան: Ընդհակառակն՝ այդ լարուածութիւնը աւելի եւս խորացեր է Թուրքիոյ զինուած ուժերու բարձրագոյն ղեկավարութեան փոփոխութիւններէն, յատկապէս՝ անցեալ տարուան Օգոստոսին զօր. Հիլմի Էօզքէօքը Թուրքիոյ գլխաւոր սպայակոյտի ղեկավարի պաշտօնէն հեռացնելէ ետք: Էօզքէօք քաղաքական չափաւոր գործիչ էր, որ իր արտայայտութիւններուն մէջ սովորաբար զուսպ էր եւ կը ջանար Էրտողանի հետ աշխատանքային բնական յարաբերութիւններ պահպանել: Անոր յետնորդը՝ զօրավար Եաշար Պէօյիւքքանըթ, հակառակը, աշխարհիկ պետութեան ընդգծուած կողմնակից է եւ աւելի բացայայտօրէն կը պաշտպանէ զինւորականներու տեսակէտը:
Անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, ելոյթ ունենալով Պոլսոյ ռազմական ակադեմիաներու բաժնին մէջ, Պէօյիւքքանըթ հրապարակայնօրէն նախազգուշացուց, որ Թուրքիան բախեր է արմատականութեան լուրջ սպառնալիքի: Շատերը այդ նախազգուշացումը ընկալեցին որպէս Էրտողանի եւ իշխող «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան ուղղակի քննադատութիւն: Լարուածութիւնը իր բարձրակէտին հասաւ Ապրիլ 27ին, երբ գլխաւոր զօրաբաժինը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ուր կ’ընդգծուէր՝ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական աշխարհիկ կառուցուածքը պաշտպանելու համար օրէնքի սահմաններուն իրենց պարտականութիւնները կատարելու Թուրքիոյ զինուած ուժերու պատրաստակամութեան մասին: Իրենց հաւատարմութիւնը այդ սկզբունքին՝ անսասան է»:
Այս խիստ յայտարարութիւնը ընկալուեր է որպէս քօղարկուած, բայց ակնյայտ նախազգուշացում, որ զինուորականները պատրաստ են միջամտելու, եթէ Կիւլը նախագահ ընտրելու պարագային՝ Էրտողանի կառավարութիւնը փորձէ իրականացնել իսլամիստական ծրագիրը, կամ միջոցներու ձեռնարկէ, որոնք պիտի սպառնան թրքական քաղաքական կառոյցի աշխարհիկ բնոյթին:
Յայտարարութիւնը առանձնապէս ծանրակշիռ կը հնչէ, քանի որ 1960ականներէն ի վեր երկրի զինուած ուժերը արդէն չորս անգամ միջամտեր են քաղաքական գործընթացներուն: Վերջին անգամ այդ տեղի ունեցաւ 1997 թուականին, երբ անոնք պահանջեցին վարչապետ Նէճմէտտին Էրպաքանի իսլամիստ կառավարութեան հրաժարականը: Հետագային այդ իրադարձութիւնները անուանեցին «յետմոտեռնիստական յեղաշրջում»:
Առկայ լարուածութիւնը կը խորանայ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) կողմէ (զոր թուրք զինուորականութիւնը կը համարէ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող լուրջ վտանգ)՝ ղեկավարող քիւրտ անջատողականներու դէմ Թուրքիոյ պայքարի նկատմամբ Պէօյիւքքանըթի եւ Էրտողանի մօտեցումներու տարբերութեան պատճառով: 1984 թուականէն սկսեալ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներու յարձակումներու հետեւանքով՝ զոհուեր է աւելի քան 35,000 հոգի: Իսկ 2006 թուականի Յունուարին հիւսիսային Իրաքի սահմանամերձ եւ ապահով թաքստոցներուն մէջ ՔԱԿի կատարած յարձակումներու ժամանակ սպանուեր է շուրջ 600 հոգի, որոնցմէ շատերը Թուրքիոյ ապահովական ուժերու անդամներ էին: Թուրքիոյ մէջ կորուստներու թիւի աճին զուգահեռ՝ զինուորականութեան համբերութիւնը կը սպառէր, եւ Էրտողան ենթարկուեցաւ օրէ օր հզօրացող ներքին ճնշումի տակ, որ կը պահանջէր ՔԱԿի դէմ ռազմական միակողմանի գործողութիւններ սկսիլ:
Ապրիլ 12ին կայացած ասուլիսի ընթացքին, Պէօյիւքքանըթ բացայայտ կերպով յայտարարեց, որ ռազմական գործողութիւնները Իրաքի մէջ, որոնց նպատակը ՔԱԿի սպառնալիքի վերացումն է, անհրաժեշտ են եւ օգտակար կ’ըլլան: Այս յայտարարութիւնը կ’արտացոլէ ամերիկացիներու կողմէ յստակ օգնութիւն չտրամադրուելու հետեւանքով ծնած զինուորականներու աճող հիասթափութիւնը եւ ամենայն հաւանականութեամբ՝ եղած է Էրտողանի վրայ ճնշումը սաստկացնելու նպատակով, որպէսզի վերջինս թոյլ տայ միակողմանի գործողութիւններ կատարել՝ հիւսիսային Իրաք տեղակայուած ՔԱԿի ռազմական ճամբարներու դէմ:
Թուրքիան, սակայն, չի կրնար քրտական հարցը ռազմական ճամբով լուծել: Այդ հարցը կարելի է լուծել միայն Թուրքիոյ կառավարութեան եւ իրաքեան քիւրտերու առաջնորդներու երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ քաղաքական միջոցառումներու միջոցով, որոնց նպատակն է Թուրքիոյ քիւրտ բնակչութեան կենսապայմաններու եւ քաղաքական իրաւունքներու բարելաւումը:
Էրտողանի կառավարութիւնը հաւանաբար այդ կը հասկնայ, քանի որ վերջերս նոյնիսկ չի թաքցներ, որ շահագրգռուած է իրաքեան քիւրտերու առաջնորդներու հետ երկխօսութիւն սկսելու հարցով: Սակայն, թուրք զինուորականութիւնը դէմ է Իրաքի քիւրտերու հետ բարձր մակարդակով երկխօսութեան՝ պատճառաբանելով, որ Մասուտ Պարզանիի Քիւրտիստանի Ժողովրդավար կուսակցութիւնը եւ Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանիի գլխաւորած Քիւրտիստանի Հայրենասիրական միութիւնը նիւթապէս եւ քաղաքականապէս կ’աջակցին ՔԱԿին:
Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ զինուորականութիւնը Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունի, յատկապէս՝ ազգային ապահովութեան նրբին հարցերուն մէջ, որեւէ գործողութիւն իրականացնելու համար Էրտողան անոնց աջակցութեան կարիք ունի (կամ գոնէ անոնց լուռ համաձայնութեան): Ահա թէ ինչու իրաքեան քիւրտերու հետ ան դժուար թէ բանակցութիւններ սկսի այն ժամանակ, երբ Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ իսլամիստներու ազդեցութեան աճի հետեւանքով՝ անոր եւ զինուորականութեան միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը հասեր է ծայրայեղ սահմանագիծի:
Էրտողան որոշեր է լուծել ծագած ճգնաժամը եւ այդ նպատակով յայտարարեր է կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպելու իր մտադրութեան եւ սահմանադրութեան մէջ վճռական փոփոխութիւններ կատարելու մասին, որոնք թոյլ կու տան նախագահ ընտրել համաժողովրդական ընտրութիւններու միջոցով եւ ոչ թէ՝ խորհրդարանի անդամներով: Այդ՝ նախագահին աւելի մեծ օրինականութիւն եւ անկախութիւն կու տայ, կը նուազեցնէ այն մտավախութիւնները, թէ ան կրնայ հետեւիլ որեւէ առանձին կուսակցութեան քաղաքական ծրագիրին: Սակայն, եթէ Թուրքիա կը ցանկայ հասուննալ եւ դառնալ ժամանակակից ժողովրդավարական պետութիւն, ապա երկրի քաղաքականութեան մէջ զինուորականութեան դերակատարումը պէտք է նուազեցուի: Թէեւ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին այդ ուղղութեամբ որոշ քայլեր ձեռնարկուեր են, սակայն ներկայ ճգնաժամը կը վկայէ, որ տուեալ նպատակին վերջնականապէս հասնելու համար, Թուրքիան դեռ երկար ճամբայ ունի կտրելիք:
Project Syndicate