
Համազգայինի «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսը իր 60ամեակը կը բոլորէ դարու պահանջներուն գոհացում տալով եւ իր ամբողջական գրական արխիւը թուայնացնելով։
Աւելի՛ն, «Բագին»ի աւելի քան քառասուն հազար թուայնացած էջերը տեղադրուած են «Բագին»ի նորաստեղծ www.pakine.net կայքին վրայ, բոլորովին որոնելի համակարգով։
Մինչեւ 2021, «Բագին»ի իւրաքանչիւր հրապարակուած թիւ, հրատարակութեան զուգահեռ, pdf ներբեռնելի տարբերակով կը տեղադրուէր Համազգայինի պաշտօնական մայր կայքի www.hamazkayin.com-ի «Բագին» բաժինին մէջ։ Սակայն, պարբերաթերթի պատճէնուած տարբերակի էջերը մէկ առ մէկ թերթատելով, անիկա դժուար օգտագործելի էր հայագիտականի գիտաշխատողներուն ու գրականութիւն ուսումնասիրողներուն համար։
Արդարեւ, «Բագին»ի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ, եւ անձնակազմի երկու տարուան աշխատանքի ջանքերով, կարելի եղաւ «Բագին»ի բոլոր թիւերը անխտիր թուայանացնել՝ պատրաստելով անոնց մատենագիտական ցանկերը, յօդուածներու, գրողներու, ժանրերու, եւ տարբեր բանալի բառերու պիտակաւորումներով։ Այս բոլորին կողքին, յատուկ աշխատանք տարուեցաւ կայքը ներկայացնելու գեղագիտական որոշ որակով, եւ նորարար բովանդակութեամբ, ուր կարելի է գտնել պատմական ու արխիւային լուսանկարներ, իրենց բացատրութիւններով, ինչպէս նաեւ լսատեսողական նիւթերու բաժին։
«Բագին»ի կայքէջի հսկայական այս աշխատանքը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել, առանց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժինին, որ հաւատք ընծայելով այս գործի կարեւորութեան՝ յատուկ դրամաշնորհով հովանաւորեց կայքի պատրաստութիւնը։
Ահաւասիկ, յաւելեալ արժէք մը «Բագին»ի աւանդած գրական վաստակին։ «Բագին»ը իր նորաստեղծ մատենաշարի կողքին, կը շարունակէ իր 60ամեայ յանձնառութիւնը, եւս նոր նախաձեռնութեամբ։